
Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փաթրիս Փաուլի երէկ այցելեց Եարզէ, ուր ընդունուեցաւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի կողմէ:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ ֆրանսական դեսպանատան զինուորական կցորդ Օլիվիէ Լապրոս, որուն հետ քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկու բանակներուն միջեւ յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը բարելաւելու կարելիութիւնները:
Միւս կողմէ, Փաուլի Պուսթրոս պալատին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի հետ:
Հանդիպումէն ետք Փաուլի յայտնեց, որ քննարկուած են երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանին զօրակցելու կարեւորութիւնը:
Փաուլի ընդգծեց լիբանանցիներուն միջեւ միասնականութեան պահպանումին կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ լիբանանեան բանակին տրամադրուած սէուտական զինուորական օժանդակութիւնը արդէն իսկ գործադրուելու ճամբուն վրայ է:


