Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ Թրիփոլիի բնակիչները եւ յատկապէս սիւննի համայնքի զաւակները հաստատեցին, որ իրենք կը զօրակցին լիբանանեան պետութեան եւ լիբանանեան բանակին: «Բանակին նկատմամբ ցուցաբերուած իրենց զօրակցութեամբ անոնք ջրեցին բոլոր այն զրպարտութիւնները, թէ իրենք ահաբեկչութիւնը հիւրընկալող միջավայր մըն են` հաստատելով, որ իրենք չափաւորականութեան ջատագով ընկերութիւն մը կը նկատուին», ըսաւ Ժահժահ:
Թրիփոլիի զինեալ բախումներուն շրջագիծին մէջ Ժահժահ ընդգծեց նաեւ, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի յանդուգն կեցուածքները լուռ պահած են անոր հոսանքին դէմ կեցուածք ճշդող կողմերը:
«Իր կեցուածքներով Հարիրի փաստած է, թէ ինք Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի մէջ սիւննի համայնքին առաջնակարգ ղեկավարն է, եւ թէ իր համակիրները անշեղ կը մնան ազգային միասնականութեան, պետական կառոյցներուն աշխատանքին նկատմամբ յանձնառութեան, բանակին զօրակցութեան եւ չափաւորականութեան իմաստով անոր ճշդած ուղեգիծէն», ըսաւ Ժահժահ:


