
Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան երէկ ընդունեց Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի նոր նշանակուած դեսպան Ժան-Ֆրանսուա Շաղփանթիէն` հաւատարմագիրներու պատճէնի յանձնումին առիթով:
Զրուցակիցները մանրամասնօրէն քննարկեցին հայ-ֆրանսական երկկողմ համագործակցութեան օրակարգային հարցերը:
Անդրադառնալով 27 հոկտեմբերին Փարիզի մէջ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներու վեհաժողովին` Էդուարդ Նալբանդեան յայտնեց, որ Հայաստան շնորհակալ է վեհաժողով կազմակերպելու Ֆրանսայի նախագահի նախաձեռնութեան համար եւ վերահաստատեց Հայաստանի յանձնառութիւնը շարունակելու ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներուն հետ միացեալ ջանքերը` ուղղուած ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման:


