Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լոնտոնի Ցուցահանդէսին Ազրպէյճանցիները Փորձած Են Փակել Արցախի Տաղաւարին Մուտքը

November 8, 2014
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

1107_london-1Բրիտանիոյ Լոնտոն քաղաքին մէջ տեղի ունեցած «WTM-Excel London-2014» միջազգային զբօսաշրջական ցուցահանդէսը 6 նոյեմբերին աւարտած է աշխատանքը: Ցուցահանդէսին մասնակցած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը, որ կատարած է լայնածաւալ քարոզչութիւն` Արցախի զբօսաշրջական ներուժը ներկայացնելով բրիտանական զբօսաշրջութեան շուկային: Բացի տեղեկատուական նիւթեր տարածելէն, պատուիրակութիւնը կազմակերպած է գինիի համտեսում, ինչպէս նաեւ աւանդական ուտեստներու հիւրասիրութիւն` բազմապատկելով Արցախի տաղաւարին այցելուներու թիւը: Ըստ «Արմէնփրես»-ին, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան կառավարութեան աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու բաժինը կը տեղեկացնէ, որ այս անգամ եւս ազրպէյճանական կողմը զերծ չէ մնացած իր համար աւանդական դարձած սադրանքներէն: Ցուցահանդէսի աշխատանքներու երկրորդ եւ վերջին օրերուն խումբ մը ազրպէյճանցի երիտասարդներ դրօշակներով շրջապատած են Արցախի տաղաւարը եւ փորձած են խափանել պատուիրակութեան աշխատանքները` փակելով մուտքը դէպի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան տաղաւար:

«Ցուցարարներուն» մէջ եղած են նաեւ Բրիտանիոյ մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատան աշխատակիցներ: Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի զոյգ հանրապետութիւններու պատուիրակութիւններու ջանքերուն շնորհիւ կարելի եղած է կասեցնել սադրանքը. կարճ ժամանակ ետք անվտանգութեան աշխատակիցները դուրս բերած են ազրպէյճանցի կարգազանց երիտասարդները:

Ըստ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան կառավարութեան առընթեր զբօսաշրջութեան եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան վարչութեան պետ Սերկէյ Շահվերտեանի, որ այդ օրերուն կը ղեկավարէր Արցախի պատուիրակութիւնը Լոնտոնի ցուցահանդէսին, վերջին շրջանին միջազգային զբօսաշրջական ցուցահանդէսներուն մէջ ազրպէյճանցիներու նման սանձազերծ պահուածքը պայմանաւորուած է գլխաւորապէս ՄԱԿ-ի Զբօսաշրջութեան համաշխարհային կազմակերպութեան մէջ Ազրպէյճանի կողմէ նախաձեռնուած հակահայկական բանաձեւի ձախողումով:

«Խօսքը կը վերաբերի հոկտեմբեր 2014-ին Սամարղանտի մէջ տեղի ունեցած նշեալ կառոյցի գործադիր խորհուրդի նիստին ընթացքին  Ազրպէյճանի կողմէ նախաձեռնուած «բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ զբօսաշրջութեան քարոզչութիւնը կանխելու մասին» բանաձեւին: Նիստին ընթացքին Ազրպէյճանի կողմէ առաջարկուած վերոյիշեալ բանաձեւը ոչ մէկ երկրի կողմէ ընդունուած է: Իսկ ազրպէյճանական ցոյցերը նպատակ կը հետապնդեն ֆիզիքապէս անկարելի դարձնել Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մասնակցութիւնը միջազգային մեծ ցուցահանդէսներուն, սակայն ապարդիւն», նշած է Սերկէյ Շահվերտեան:

«World Travel Market» միջազգային զբօսաշրջական ցուցահանդէսը կը նկատուի մեծագոյն զբօսաշրջական իրադարձութիւնը, որուն ընթացքին  հազարաւոր ընկերութիւններ եւ աշխարհի գրեթէ բոլոր երկիրները կը ներկայացնեն զբօսաշրջութեան մարզին մէջ իրենց ներուժն ու ձեռք բերուած յաջողութիւնները:

 

 

Նախորդը

Ընտանիքին Նուիրուած Խորհրդաժողովը Դարձաւ Իսլամ-Քրիստոնեայ Համակեցութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտող Առիթ Մը

Յաջորդը

Նախագահ Սարգսեանի Ցաւակցական Հեռագիրը` Սուրէն Խանամիրեանի Մահուան Առիթով

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.