Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Դատի Յանձնախումբին Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուներուն 95 Տոկոսը Ընտրուեցաւ

November 7, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Fotor1106132644-(1)Երեքշաբթի, 4 նոյեմբերին, Միացեալ Նահանգներու տարածքին տեղի ունեցած  ընտրութիւններուն արդիւնքով, յաջորդ Քոնկրեսը պիտի գտնուի Հանրապետական կուսակցութեան ամբողջական հակակշիռին տակ: Արդարեւ, Ներկայացուցիչներու տան մէջ արդէն իսկ մեծամասնութիւն հանդիսացող հանրապետականները կրցան բաւարար աթոռներ ապահովել` մեծամասնութիւն մը դառնալու համար նաեւ Ծերակոյտին մէջ, երկրի դաշնակցային օրէնսդիր մարմինները իրենց հսկողութեան տակ առնելով: Հանրապետականները Ներկայացուցիչներու տան մէջ իրենց դիրքերը զօրացուցին եւ շարք մը աւանդաբար դեմոկրատականներու համակիր նահանգներու մէջ, նահանգապետական ընտրութեանց ընթացքին յաղթանակներ ապահովեցին:

Միւս կողմէ, Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին աջակցութիւնը ապահոված թեկնածուներուն 95 տոկոսը կրցաւ ընտրուիլ: Կարեւոր յաղթանակներէն մէկն էր Իլինոյէն Պապ Տոլտի ընտրութիւնը` նկատի ունենալով, որ ան Քոնկրեսին մէջ Հայկական համախմբումի փոխատենապետը եղած էր:

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան երախտագիտութիւն յայտնեց բոլոր ամերիկահայ քուէարկողներուն, որոնք իրենց ներդրումը ունեցած են այս յաղթանակներուն:

Այս սուր մրցակցութիւններէն ետք, կարեւոր յաղթանակներ արձանագրածներուն շարքին են` քոնկրեսականներ Մայքըլ Կրիմ (Քոնկրեսին մէջ Հայկական համախմբումի ներկայ համաատենապետ) եւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի համահեղինակ Տէյվիտ Վալատաօ:

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին աջակցութիւնը վայելող Ճիմ Քոսթայի, Մայք Հոնտայի, Փիթըր Էկիւլարի եւ Ռաուլ Ռուիզի ընտրութեանց արդիւնքները տակաւին չեն վերջնականացած:

Յաղթանակներ արձանագրած են նաեւ Հայ դատի յանձնախումբին աջակցութիւնը ապահոված քոնկրեսական Տէյվիտ Պրեթ եւ Թետ Լիու, նաեւ ծերակուտականներ Միչ ՄըքՔանըլ ու Քերի Փիթըրզ:

Հայ քոնկրեսականներ Աննա Իշու եւ Ճեքի Սփիր եւս յաղթանակներ արձանագրեցին, ինչպէս նաեւ` նահանգային օրէնսդիր մարմիններու եւ տեղական ընտրութեանց մասնակցած հետեւեալ հայազգի թեկնածուները.

Ատրին Նազարեան եւ Խաչօ Աշաճեան (Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամ), Քեթրին Ղազարեան (Ռոտ Այլընտի նահանգային խորհրդարանի անդամ), Սքաթ Աւետիսեան (Ռոտ Այլընտի Ուորուիք քաղաքի քաղաքապետ) ու Ռիշել Նորոյեան (Քալիֆորնիոյ Սանթա Քրուզ քաղաքի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ):

 

 

Նախորդը

Վալերի Պուայէ Ցեղասպանութեան Ժխտումը Քրէականացնող Նոր Օրինագիծը Արդէն Ներկայացուցած Է Ֆրանսայի Խորհրդարանին

Յաջորդը

Հայկական Զինեալ Ուժերու Ռազմափորձեր

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.