Ինչպէս ծանօթ է, կիրակի, 9 նոյեմբերին տեղի պիտի ունենայ Պէյրութի միջազգային մարաթոնը:
Պէյրութի մարաթոնի միութիւնը յատուկ հաղորդագրութեամբ մը երէկ տեղեկացուց, որ այս մարաթոնին մասնակցութեան գծով նոր մրցանիշ մը հաստատուեցաւ` նկատի ունենալով, որ անոր իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 37,153 վազողներ` 94 երկիրներէ:
Նախկին մրցանիշն էր 36,600 վազող` 82 երկիրներէ:
Այլ գետնի վրայ, երէկ կէսօրուան ժամը 12:00-էն սկսեալ Մարաթոնին մասնակցողները իրենց թիւերը ստացան կազմակերպիչ միութեան անդամներէն` Պէյրութի շուկաներուն մօտ գտնուող «Անթուան» գրատունէն:
Այդ թիւերու յանձնումը պիտի շարունակուի նաեւ այսօր եւ վաղը, մինչեւ երեկոյեան ժամը 22:00:


