
Անթունիէ համալսարանին մարզական յանձնախումբին յատուկ հրաւէրով երէկ յետմիջօրէին Պէյրութի միջազգային օդակայան ժամանեց Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի միջազգային նախկին յետսապահ Լիլիան Թիւրամ, որ 1998-ին իր խումբին հետ հանդիսացած էր աշխարհի ախոյեան, իսկ 2000-ին` Եւրոպայի ախոյեան:
Թիւրամ Լիբանանի մէջ իր հինգօրեայ կեցութեան ընթացքին պիտի ունենայ շարք մը հանդիպումներ, պիտի տայ որոշ տեղեկութիւններ` Լիբանան իր գալուն մասին, ինչպէս նաեւ այսօր բաց հանդիպում – զրոյց մը պիտի ունենայ Անթունիէ համալսարանին ուսանողներուն հետ` անոնց հետ խորհրդակցելով տարբեր տեսակի նիւթերու շուրջ, ըլլան անոնք ֆութպոլի վերաբերող կամ այլ տեսակի նիւթեր:


