
Ազրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի արտաքին յարաբերութիւններու վարչութեան պետ Նովրուզ Մամետով թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթին հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ ղարաբաղեան տագնապը շրջանային երկիրներու ջանքերով լուծելու Իրանի առաջարկը իրատեսական չէ:
«Ես չեմ կարծեր, որ ղարաբաղեան հարցը կրնայ լուծուիլ առանց մեծ պետութիւններուն եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին» ըսած է ան եւ աւելցուցած, որ այսուհանդերձ, գերպետութիւններն ալ իրենց շահերը ունին եւ «այսօր կրնան «սպիտակ» նկատել բան մը, ինչ որ երէկ «սեւ» կը նկատէին»:
Մամետով նշած է, որ Թուրքիա Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին պատճառով տարիներ առաջ Հայաստանի հետ սահմանը փակած է: «Երբ Թուրքիա սառեցուց Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները, մենք ատիկա դիտարկեցինք իբրեւ եղբօր մը աջակցութիւնը իր եղբօր: Միւս երկիրներն ալ կրնան ատիկա ընել», աւելցուցած է ան:
Անդրադառնալով Հայաստան-Թուրքիա սահմանի բացման կարելիութեան` Մամետով ըսած է. «Անմիջապէս որ Հայաստանը բռնագրաւուած տարածքները լքէ, մենք սահմանի բացման առնչութեամբ որեւէ առարկութիւն պիտի չունենանք»:
Եզրափակելով իր հարցազրոյցը` Մամետով նշած է, որ ինք կը հաւատայ, որ «ապագային օր մը» ղարաբաղեան հարցը պիտի լուծուի:


