Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շարմազանով Հանդիպած Է Նարիշքինին

November 6, 2014
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

1105_Naryshkin_SharmazanovՀայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանով երէկ Մոսկուայի մէջ հանդիպում մը  ունեցած է Ռուսիոյ պետական տումայի նախագահ Սերկէյ Նարիշքինի հետ:

Ըստ Ազգային ժողովի տեղեկատուութեան ծառայութեան, Շարմազանով անդրադարձած է հայ – ռուսական համագործակցութեան հետագայ զարգացման եւ խորացման անհրաժեշտութեան: Նարիշքին իր կարգին բարձր գնահատած է երկկողմ յարաբերութիւններուն ներկայ մակարդակը:

Կողմերը քննարկած են Եւրասիական տնտեսական միութեան Հայաստանի անդամակցութեան համաձայնագիրի վաւերացման հոլովոյթին առնչուող հարցեր: Ազգային ժողովի փոխնախագահը յոյս յայտնած է, որ մինչեւ 23 դեկտեմբեր Մոսկուայի մէջ տեղի ունենալիք Եւրասիական տնտեսական բարձրագոյն խորհուրդի նիստը, փաստաթուղթը վաւերացուի երկու երկիրներու խորհրդարաններուն կողմէ: Նարիշքին  կարելի սեղմ ժամկէտի մը մէջ համաձայնագիրի վաւերացման պատրաստակամութիւն յայտնած է:

Էդուարդ Շարմազանով բարձր գնահատած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիր Ռուսիոյ` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման ուղղուած ջանքերը եւ անընդունելի նկատած է տագնապներու զինուորական լուծման որեւէ փորձ:

Ազգային ժողովի փոխնախագահը` նշելով, որ Հայաստան մեծապէս կարեւոր կը նկատէ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) դերն ու նշանակութիւնը, իր մտահոգութիւնը  յայտնած է, որ որոշ գործընկերներ երբեմն չեն պաշտպաներ Կազմակերպութեան իրենց դաշնակիցներուն  դիրքորոշումը: Երկուստեք կարեւոր նկատուած է գործակցութիւնը Կազմակերպութեան ծիրին մէջ:

Էդուարդ Շարմազանով նաեւ նշած է, որ 2015 թուականին կը լրանայ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը, եւ յոյս յայտնած է, որ Ռուսիոյ Դաշնակցային ժողովի Դաշնակցային  խորհուրդը եւ Պետական տուման կ՛աջակցին ձեռնարկներու կազմակերպման հարցին մէջ:

 

Նախորդը

Վլատիմիր Մովսիսեան Ոչ Եւս Է

Յաջորդը

ՀՅԴ-ն 12 Նոյեմբերին Պիտի Կանգնի «Դէմ Եմ» Շարժումի Կողքին

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.