Իրանի խորհրդարանի հիւսիսային իրանահայութեան պատգամաւոր դոկտ. Կարէն Խանլարեան աշխատանքային այցելութիւն տուած է Ուրմիա:
Այցելութեան ընթացքին «Արամ Մանուկեան» ազգային սրահին մէջ պատգամաւորը նախ հանդիպում ունեցած է ազգային միութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ, որոնց կարգին էին ՀՕՄ-ի Ուրմիոյ մասնաճիւղի վարչութիւնը, Հայ մշակութային «Արարատ» կազմակերպութեան Ուրմիոյ եւ Գէարդաբադի մասնաճիւղերու վարչութիւնները, «Մասիհա» հայոց դպրոցի տեսուչն ու ուսուցչական կազմը, ինչպէս նաեւ մանկապարտէզի ուսուցչուհին, Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ խնամակալ մարմինը եւ հայկական գիւղերու հոգաբարձութիւններու ներկայացուցչութիւնը: Շուրջ երկու ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին պատգամաւորին ներկայացուած են աշխատանքային համապարփակ զեկուցումներ, արծարծուած են տեղական հիմնախնդիրներ: Ապա դոկտ. Կարէն Խանլարեան հանդիպում ունեցած է անհատներու հետ, որոնք ունէին անհատական խնդիրներ ու դժուարութիւններ եւ անոնց լուծման համար պատգամաւորին աջակցութեան կարիքը ունէին: Պատգամաւորը լսած է անոնց, ցուցմունքներ տուաւ եւ խոստացաւ օգնել:
Աւելի ուշ պատգամաւոր դոկտ. Կարէն Խանլարեան հանդիպում ունեցած է Ուրմիոյ Ազգային գործակալական խորհուրդին հետ. արծարծուեցան գոյութիւն ունեցող դժուարութիւններուն հետ առնչուած հարցեր:
«Ալիք» կը նշէ, որ Ազգային գործակալական խորհուրդը բաւական լուրջ աշխատանք կը կատարէ դժուարութիւնները հարթելու ուղղութեամբ եւ դրական արդիւնքներ կ՛արձանագրէ:


