
Քուէյթի աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Հինտ Սապիհ երէկ ընդունած է Քուէթի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Ֆատէյ Չարչօղլեանը եւ անոր հետ քննարկած երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող փոխադարձ գործակցութեան խորացման ուղիները:
Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն կը յայտնեն, որ նախարարը իր գոհունակութիւնը յայտնած է երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող երկկողմ գործակցութեան մակարդակէն` պատրաստակամութիւն յայտնելով աւելի խորացնելու համապատասխան նախարարութիւններուն միջեւ խորհրդակցութիւնները եւ նպաստելու համագործակցութեան հետագայ ընդլայնման:
Կողմերը կարեւոր նկատած են ընկերային եւ բարեգործական բնոյթի ծրագիրներուն մէջ քուէյթեան կողմի գործուն մասնակցութեան ապահովումը, ինչպէս նաեւ քննարկած են Հայաստանի եւ Քուէյթի աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութիւններուն միջեւ համագործակցութեան փաստաթուղթի ստորագրումը: Ընդգծուած է փոխադարձ այցելութիւնները յաճախակի դարձնելու կարեւորութիւնը:


