Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժապհաթ Նուսրա Կառավարութեան Յղեց Իր Պահանջագիրը

November 3, 2014
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

1102_JABHAT-AL-NUSRAԺապհաթ Նուսրա երէկ հրապարակեց Լիբանանի կառավարութեան ներկայացուցած իր պահանջագիրը` խզելով առեւանգուած բանակայինները ազատ արձակելու թղթածրարին գաղտնապահութիւնը:

Այս մասին լաւատեղեակ աղբիւրներ յայտնեցին, որ առեւանգուած բանակայինները ազատ արձակելու հարցին հետեւող նախարարական ենթայանձնախումբը համաձայն գտնուած էր դէպի Արսալ մարդասիրական օժանդակութիւն փոխադրել` իբրեւ բարի նախաձեռնութիւն` վերսկսելու համար Ժապհաթ Նուսրայի հետ բանակցութիւնները:

Կենսոլորտի նախարար Մոհամետ Մաշնուք այս մասին յայտնեց, որ այդ հարցերը պէտք է լուծուին յարգելով գաղտնապահութեան բոլոր օրէնքները:

Միւս կողմէ, նկատի ունենալով այն պահանջը, որ իւրաքանչիւր բանակայինի դիմաց Ժապհաթ Նուսրա պահանջած է լիբանանեան բանտերէն 10 արգելափակեալ ազատ արձակել, նոյն աղբիւրները կ՛ըսեն, թէ պարզ հաշուարկով մը կարելի է եզրակացնել, թէ անոնք կը պահանջեն Ռումիէի իսլամական բոլոր բանտարկեալներուն ազատ արձակումը:

Նոյն աղբիւրները հարց տուին, թէ արդեօք կառավարութիւնը կրնա՞յ ընդառաջել այս պահանջին եւ արդեօք առեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքները կ՛ընդունի՞ն, որ ազատ արձակուին բանակին եւ քաղաքացիներուն դէմ գործողութիւններ կատարած այդ ահաբեկիչները:

Ինչ կը վերաբերի պահանջագիրին երկրորդ եւ երրորդ կէտերուն, որոնց մէջ պահանջուած է նաեւ սուրիական բանտերէն արգելափակեալներու ազատ արձակումը, վերոնշեալ աղբիւրներուն կողմէ հարց տրուեցաւ, որ Սուրիոյ պարագային ո՞վ բանակցութիւնները պիտի վարէ` աւելցնելով, որ Ազեզի մէջ առեւանգուած լիբանանցիներուն եւ Մաալուլայի վանքի մայրապետներուն թղթածրարին լուծման պարագային Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա ուղղակի կապ հաստատած էր Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ եւ ապահոված այդ թղթածրարին ուրախ աւարտը:

Նոյն աղբիւրները հարց տուին, որ այս պարագային արդեօք սէյիտ Նասրալլա պիտի միջամտէ՞` նկատի ունենալով, որ պահանջուած արգելափակեալները տասնեակներով քաղաքացիներ սպաննած են եւ Դիմադրութիւնը թիրախ դարձուցած:

Այս բոլոր հարցումները ցարդ կը մնան անպատասխան` նկատի ունենալով, որ նախարարական ենթայանձնախումբը Նուսրայի պահանջագիրին առումով մնաց լուռ:

Ռիատ Սոլհ Հրապարակին Վրայ

Առեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքները տակաւին կը շարունակեն իրենց զաւակներուն ազատ արձակումը պահանջող նստացոյցը, որ կը կատարուի Ռիատ Սոլհ հրապարակին վրայ:

Ընտանիքները շեշտեցին, որ կառավարութիւնը շաբաթավերջին Ժապհաթ Նուսրայէն ստացած է պահանջներու ցանկ մը` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է զայն գործադրել եւ իրենց զաւակները ազատ արձակել:

Անոնք մաղթեցին, որ կառավարութիւնը ընդառաջէ այդ պահանջներուն, որպէսզի կարելի ըլլայ իրենց զաւակները ազատ արձակել:

Նախորդը

Պասիլ Այցելեց Աքքար

Յաջորդը

Միջազգային Դրամական Ֆոնտի Ներկայացուցիչը Կ՛ողջունէ Ստուերայինի Դէմ Հայաստանի Կառավարութեան Կեցուածքը

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.