
Կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ յայտնեց, որ այսօր լիբանանեան պետական բոլոր դպրոցներուն մէջ դասի բնական օր է` ընդգծելով, որ Աշուրայի սգատօնին առիթով դպրոցները փակ պիտի մնան միայն երեքշաբթի օր:
Միւս կողմէ, հարցազրոյցի մը ընթացքին Ապու Սաապ յայտնեց, որ Թրիփոլի իսլամ չափաւորականութեան քաղաքն է եւ փաստած է, որ անիկա ահաբեկչութիւնը ընդգրկող քաղաք չէ:
Ան կոչ ուղղեց Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Տահերի եւ բանակին դէմ արտայայտուող ոեւէ երեսփոխանի անձեռնմխելիութիւնը չեղեալ նկատելու, աւելցնելով, որ երկիրը պատերազմի մէջ կը գտնուի եւ բանակը կասկածի տակ առնող կողմը դաւաճան է:


