Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ այցելեց Թրիփոլիի մէջ եւ անոր շրջակայքը դիրքաւորուած լիբանանեան բանակի կեդրոնները, ուր ան ստուգեց որդեգրուած ապահովական միջոցառումները, ինչպէս նաեւ շեշտեց Թրիփոլիի եւ հիւսիսային Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը:
Զօր. Քահուաժի հանդիպում մը ունեցաւ հիւսիսային Լիբանանի մէջ դիրքաւորուած զինուորներուն հետ, ցաւակցութիւն յայտնեց անոնց իրենց նահատակուած ընկերներուն համար եւ բարձր գնահատեց երկրին ապահովութիւնը պահպանելու համար անոնց ի գործ դրած ճիգերը, ինչպէս նաեւ անոնց փոխանցեց կարգ մը ցուցմունքներ:
Ան յայտնեց, որ Լիբանան հզօր է, երբ բանակը զօրաւոր է, իսկ բանակը հզօր կը դառնայ, երբ ան միասնական է եւ նպատակ ունի: «Իսկ մեր նպատակը մէկ է. պահպանել Լիբանանը: Ձեր ներկայութեան ես համոզուած եմ եւ բոլոր լիբանանցիներուն կոչ կ՛ուղղեմ չսարսափելու. բանակը ներկայ է եւ անոր նպատակն է պահպանել Լիբանանը», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ բանակին ներկայութեան կարելի չէ մտահոգուիլ Լիբանանի ապագայով:
Զօր. Քահուաժի, ընկերակցութեամբ բանակի սպայակոյտի պետ հազարապետ-զօրավար Ուալիտ Սալմանի, այցելեց նաեւ նահատակ Ա. դերգնդապետ Նատիմ Սըմաանի ընտանիքին եւ անոր ցաւակցութիւն յայտնեց:
Բանակի հրամանատարը դրուատեց նահատակ բանակայինին նուիրումը եւ իր պարտականութեան նկատմամբ գիտակցութիւնը: Ան շեշտեց, որ անոր եւ լիբանանեան բանակի բոլոր նահատակներուն թափած արեամբ է, որ կարելի եղած է Լիբանանի ազգային միասնականութիւնը պահպանել սադրանքներէ եւ քաոսէ, որոնք ծրագրուած էին ահաբեկիչներուն կողմէ:
Զօր. Քահուաժի շեշտեց, որ բանակը պիտի շարունակէ հետապնդել բոլոր յանցագործները, մինչեւ որ ձերբակալէ եւ պատժէ զանոնք:
Բանակը Ձերբակալեց Շարք Մը
Այլ Յանցագործներ
Միւս կողմէ, բանակը երէկ շարունակեց ձերբակալումներու ալիքը եւ իր կատարած ներխուժումներուն շրջագիծին մէջ կրցաւ ձերբակալել տասնեակ մը յանցագործներ, որոնց մէջ ահաբեկիչներ, զէնքի մաքսանենգներ, Արսալի բարձունքներուն վրայ գտնուող զինեալները մատակարարողներ:
Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ բանակը Մընիէի, Մաշթա Հասանի եւ Մաշթա Համմուտի, ինչպէս նաեւ տեղահանուած սուրիացիներու Պհանինի վրանաքաղաքին մէջ ձերբակալեց 50 կասկածելիներ, որոնցմէ ինը` լիբանանցիներ, պաղեստինցի մը եւ 40 սուրիացիներ:
Բանակը այդ շրջանին մէջ գրաւեց զէնք ու զինամթերք, ինչպէս նաեւ հրթիռներ, ձեռնառումբեր, վիտէօ քամերաներ եւ հեռաձայնային հաղորդակցութեան սարքեր:
Բանակը Արսալի Ուատի Հմայտ շրջանին մէջ ձերբակալեց Ապտալլա Մահմուտ Հուժէյրին, որ փորձեց շրջանցել բանակի անցարգել մը` «Շեվրոլէ» տիպի ինքնաշարժով:
Հարցաքննութեան ընթացքին Հուժէյրի հաստատեց, որ բազմիցս զէնք ու սննդեղէն փոխադրած է Արսալի բարձունքներուն վրայ գտնուող ահաբեկիչներուն:
Բանակի հրամանատարութեան մէկ այլ հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Շուէյպ Օմար Սաապ, Ապտել Ռահիմ Ահմետ Հասան եւ Ալի Ահմետ Սաատ անձնատուր եղած են բանակին, Թրիփոլիի մէջ:
Պեքաայի Ռաշայա շրջանին մէջ լիբանանեան բանակին գաղտնի սպասարկութիւնը ձերբակալեց 12 զինեալներ, որոնք ահաբեկչական ցանցի մաս կը կազմէին եւ Արսալի մէջ լիբանանեան բանակին դէմ կռուած էին, ինչպէս նաեւ ապօրինի կերպով մուտք գործած էին լիբանանեան հողեր:


