Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի «Կոմիտաս» Մասնաճիւղ. Արուեստաբան Շահէն Խաչատրեանի` Մեծ Ծովանկարիչ Այվազովսքիին Նուիրուած Երկլեզու Ալպոմի Շնորհահանդէս

October 31, 2014
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

1030_ayvaz1Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Կոմիտաս» մասնաճիւղին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ երէկ` հինգշաբթի, 30 հոկտեմբերի երեկոյեան ժամը 7:00-ին տեղի ունեցաւ Շահէն Խաչատրեանի պատրաստած Այվազովսքիի նուիրուած վերջին երկլեզու ալպոմին շնորհահանդէսը:

Նորայր Նաճարեան
Նորայր Նաճարեան

Այս առիթով բացման խօսքը արտասանեց Համազգայինի «Կոմիտաս» մասնաճիւղի ներկայացուցիչ Նորայր Նաճարեան, որ ներկաներուն յայտնեց, թէ հեղինակը այս ալպոմը պատրաստած է մասնաւորաբար Միջին Արեւելքի հասարակութեան համար երկլեզու` արաբերէն եւ անգլերէն, եւ անոր մէջ առաջին անգամ ըլլալով զետեղուած են Այվազսվսքիի եգիպտական բնանկարները: Նաճարեան շեշտեց, որ Այվազովսքի եղած է միակ գեղանկարիչը, որ ներկայ եղած է Սուէզի ջրանցքի բացումին` 1869-ին, եւ այդ իրադարձութիւնը նկարած է իր վրձինով: Ան յայտնեց նաեւ, որ հեղինակին այս ալպոմը մեծ ծովանկարիչին նուիրուած առաջին պատկերագիրքը չէ, բայց առաջինն է արաբերէնով:

Իր խօսքի աւարտին Նորայր Նաճարեան շնորհակալութիւն յայտնեց նախ արուեստաբան Շահէն Խաչատրեանին, Համազգայինի «Վ. Սէթեան» հրատարակչատան գրատարածին, «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի տնօրէնութեան եւ վերջապէս գլխաւոր նուիրատու Շահէ Երեւանեանին, որուն ներդրումով իրականացաւ այս պատկերագիրքին տպագրութիւնը:

«Սարեան» թանգարանի տնօրէն, Հայաստանի ազգային պատկերասրահի տնօրէն եւ ներկայիս Ամենայն հայոց կաթողիկոսութեան արուեստի խորհրդատու եւ «Արշիլ Կորքի» թանգարանի տնօրէն արուեստաբան Շահէն Խաչատրեան իր կարգին փոխանցեց իր սրտին խօսքը` յայտնելով, որ ան արդէն 40 տարիէ ի վեր կ՛աշխատի Այվազովսքիով եւ իր կապը մեծ ծովանկարիչին հետ հին պատմութիւն ունի: Ան Հալէպ իր աշակերտած տարիներուն շատ տպաւորուած է Այվազովսքիի կեանքով ու գործով, իսկ երբ Հայաստան հաստատուած է պատահմամբ գիրք մը թերթատած ատեն տեսած է անոր գործերը եւ շուտով վերականգնած է իր համակրանքն ու համարումը մեծ ծովանկարիչին նկատմամբ:

Արուեստաբան Խաչատրեան իր խօսքին մէջ շեշտեց Այվազովսքիի հայկականութիւնը, թէ ան իր ամբողջ կեանքը ապրած է հայ ժողովուրդին համար` ափսոսալով, որ քիչեր գիտեն Այվազովսքիի հայկականութեան մասին, որովհետեւ դժբախտաբար ան ճանչցուած է իբրեւ ռուս ծովանկարիչ:

Իբրեւ վկայութիւն այս խօսքին ան յայտնեց, որ վերջերս միայն գտնուած է Ներսէս Ե. Աշտարակեցի կաթողիկոսին ուղղուած իր նամակը, ուր ան կը խօսի հայութեան մասին եւ կ՛ըսէ` «ես ամբողջ սրտով նուիրուած եմ հայութեան»:

«Այվազովսքին եղաւ եւ մնաց մեր արուեստի ամէնէն իտէալ անդամներէն մէկը», ըսաւ Խաչատրեան` աւելցնելով, որ Այվազովսքի լուսաւորութեան գաղափարը ունեցաւ եւ իր գործերուն հիմնական արժանիքը այդ լոյսը դարձուց:

Յայտնենք, որ ձեռնարկէն ետք արուեստաբան Շահէն Խաչատրեան մակագրեց Այվազովսքիի նուիրուած պատկերագիրքը:

 

 

Նախորդը

Տէր Զօրի Եւ Սուրիոյ Արաբացած Հայերը` Լուսանկարիչ Պաղտիկ Գույումճեանի Ոսպնեակով

Յաջորդը

Կազմակերպութեամբ «Սարդարապատ» Կոմիտէին. Արցախի «Մենք Ենք Մեր Սարերը» Երգի-Պարի Պետական Համոյթի Ելոյթ

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 23, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Քուէյթի Թեմի Ազգային Վարչութիւնը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Քուէյթի Թեմի Ազգային Վարչութիւնը

November 23, 2026
Զրոյց-Բանախօսութիւն. «Միսաք Մանուշեան. Դիմադրողի Մը Ուղին՝ Որբանոցէն Մինչեւ Պանթէոն»
Գաղութային

Զրոյց-Բանախօսութիւն. «Միսաք Մանուշեան. Դիմադրողի Մը Ուղին՝ Որբանոցէն Մինչեւ Պանթէոն»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.