ՀՅԴ «Սարդարապատ» կոմիտէին կազմակերպութեամբ եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան հովանաւորութեամբ, Արցախի «Մենք ենք մեր սարերը» երգի-պարի պետական համոյթը ելոյթ ունեցաւ երէկ` հինգշաբթի, 30 հոկտեմբեր 2014-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ:
Հանդիսատեսի ջերմ ծափողջոյններով բեմ բարձրացան համոյթի երգիչները եւ «Մեր Ղարաբաղ շէն ու հարուստ մնայ» երգով սկսան իրենց գեղարուեստական յայտագիրը: Անոնք շուրջ երկու ժամ թնդացուցին հայրենասիրական, ազգային, ազգագրական երգն ու պարը:
Անոնք երգի ու պարի իրենց կատարումներուն միջոցով պարզեցին արցախցիին խիզախութիւնը, կամքը, ապրելու ու պայքարելու վճռակամութիւնը: Ոչ մէկ երաժշտութիւն ունի հայկական երաժշտութեան համն ու հնչեղութիւնը:
«Մենք ենք մեր սարերը» համոյթը յաջողեցաւ վերցնել հայ աշխարհի բոլոր սահմանները եւ հանդիսատեսը տանիլ Մուշ, Վան, Կարս ու Արտահան, ան մինչեւ անգամ պարել տուաւ Սասունի մէջ ու աղօթել` Առաքելոց վանքին մէջ:
Համոյթը երգերով պատմեց նաեւ Արցախի ազատագրական պայքարը, յաղթանակը, երգեց վաղուան հզօր հայրենիքը:
Ելոյթին ընթացքին Քրիստինա Սրապոնեան ասմունքեց Ժագ Ս. Յակոբեանի «Լուսաբաց» քերթուածը:
«Ղարաբաղցին» երգով աւարտին հասաւ ելոյթը, իսկ ծափահարութիւնները շարունակուեցան երկար: Բեմ բարձրացաւ համոյթի տնօրէն Սլաւա Ապրեսեան, որ իր խօսքին մէջ յայտնեց, թէ գոհունակ է ստեղծուած մթնոլորտէն, որովհետեւ հանդիսատեսը ինքզինք կրցաւ զգալ հայրենիքի մէջ:
Ան շարունակեց ըսելով, թէ կարելի չէ չհպարտանալ տեսնելով լիբանանահայութեան հայրենասիրութիւնը, աւանդութիւններուն ու ազգային արժէքներուն կառչած մնալը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց «Սարդարապատ» կոմիտէին, եւ բոլոր անոնց, որոնք օգտակար դարձան համոյթին: Հանդիպելու նոր յոյսով ու մաղթանքով հանդիսատեսն ու համոյթը հրաժեշտ տուին իրարու:


