Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորին հրաւէրով նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հասած է Յորդանան: Այս մասին կը տեղեկացնէ նախագահի պաշտօնական կայքը:
Թագաւորին նստավայրին մէջ տեղի ունեցած է նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ապտալլա Բ. թագաւորի դռնփակ հանդիպումը:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնած է Յորդանան իր այցելութեան ընթացքին ջերմ հիւրընկալութեան համար:
Հայաստանի նախագահը եւ Յորդանանի թագաւորը անկեղծ բարեկամական մթնոլորտի մէջ անդրադարձած են երկու երկիրներու յարաբերութիւններու զարգացման եւ փոխշահաւէտ մարզերու մէջ համագործակցութեան ընդլայնման հեռանկարին: Զրուցակիցները յանձնառութիւն ստանձնած են քաղաքական երկխօսութիւնը, ինչպէս նաեւ տարբեր մարզերու մէջ համագործակցութիւնը բարձրացնելու որակական նոր մակարդակի: Հանդիպման անդրադարձ եղած է տնտեսական համագործակցութեան խորացման եւ գոյութիւն ունեցող ներուժի արդիւնաւէտ օգտագործման: Կողմերը վերահաստատած են, որ երկու երկիրներուն միջեւ փոխյարաբերութիւնները հիմնուած են բարի կամքի, փոխադարձ յարգանքի եւ փոխադարձ վստահութեան, ինչպէս նաեւ երկու ժողովուրդներուն միջեւ պատմականօրէն ձեւաւորուած բարեկամութեան վրայ:
Նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ապտալլա Բ. թագաւորի դռնփակ հանդիպումին յաջորդած է երկու երկիրներու պաշտօնական պատուիրակութիւններուն մասնակցութեամբ շարք մը մարզերու մէջ հայ-յորդանանեան համագործակցութեան խորացման ու ամրապնդման ուղղուած փաստաթուղթերու ստորագրման արարողութիւնը:
Ի պատիւ նախագահ Սերժ Սարգսեանի` Յորդանանի թագաւոր Ապտալլա Բ.-ի անունով տրուած է աշխատանքային ճաշ:
Արարողակարգին համաձայն, Հայաստանի նախագահը եւ Յորդանանի թագաւորը հանդէս եկած են փոխադարձ բաժակաճառերով, անդրադարձած հայ-յորդանանեան բարեկամութեան ու երկու բարեկամ ժողովուրդներու պատմական առնչութիւններուն, միջպետական յարաբերութիւններու ներկայ մակարդակին եւ անոնց զարգացման հեռանկարին:
Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորը ողջունած է Հայաստանի նախագահի եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութեան այցելութիւնը Յորդանան: Ան ընդգծած է, որ իր երկրին մէջ մեծ հպարտութեամբ կ’ընդունին Յորդանանի եւ Հայաստանի միջեւ գոյութիւն ունեցող առանձնայատուկ յարաբերութիւնները: Երկու երկիրներուն եւ բարեկամ ժողովուրդներուն միջեւ, ըստ Յորդանանի թագաւորին, եղած են շատ խոր կապեր: Այդ առումով ան յիշատակած է իր հօր եւ մեծ հօր ջերմ ու բարեացակամ վերաբերումը հայերուն նկատմամբ եւ անոնց օժանդակութիւնը հայ ժողովուրդին: Թագաւորը ընդգծած է, թէ ոչինչ աւելի լաւ կը խորհրդանշէ հայ-յորդանանեան բարեկամութիւնը, քան Յորդանան գետի ափին այսօր տեղի ունենալիք հայկական եկեղեցւոյ բացումը: Յորդանանի թագաւորը նշած է, որ նախագահ Սերժ Սարգսեանի այցելութեամբ նոր էջ կը բացուի հայ-յորդանանեան երկկողմ յարաբերութիւններուն մէջ եւ յոյս յայտնած է, որ այս այցելութիւնը աւելի պիտի ամրապնդէ միջպետական յարաբերութիւններն ու երկու ժողովուրդներուն բարեկամութիւնը:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան իր խօսքին մէջ անգամ մը եւս շեշտած է, որ հայ եւ արաբ ժողովուրդներուն բարեկամութիւնը կու գայ դարերու խորքէն, եւ ան յատկապէս դրսեւորուած է հայ ժողովուրդին համար ողբերգական պահուն, երբ Օսմանեան կայսրութեան մէջ կ’իրականացուէր Հայոց ցեղասպանութիւնը: Հանրապետութեան նախագահը երախտագիտութիւն յայտնած է արաբ ժողովուրդին, որ առաջիններէն է, որ ապաստան տուաւ ցեղասպանութենէն փրկուած հայ ժողովուրդի մէկ հատուածին` դժբախտութեան ժամանակ դառնալով մեր մեծագոյն բարեկամներէն մէկը:


