
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ այցելեց Տար Ֆաթուա, ուր հանդիպում մը ունեցաւ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի հետ:
Հանդիպումէն ետք զօր. Աուն մաղթեց, որ ամբողջ աշխարհին մէջ խաղաղութիւն հաստատուի` աւելցնելով, որ շրջակայ երկիրներուն իրադարձութիւնները իրենց հետեւանքները կ՛ունենան Լիբանանի վրայ, «իսկ մենք չենք փափաքիր, որ Լիբանան վատ իրադարձութիւններու ազդեցութիւնը կրէ», ըսաւ ան:
Զօր. Աուն յայտնեց, որ «Թրիփոլիի տագնապը կարելի է աւարտած նկատել, սակայն պէտք չէ մոռնալ զայն շրջապատող շրջաններուն մէջ գտնուող ահաբեկչական քնացած բջիջները, որոնցմէ քանի մը օրինակ կրցանք տեսնել նախորդ քանի մը օրերուն ընթացքին»:
Ան հաստատեց, որ տարբերութեան իրաւունքը առկայ է եւ պէտք չէ վախնալ անկէ, այլ հանդարտութեամբ պէտք է պարտադրել զայն` առանց օրինազանցութիւններու:
Անդրադառնալով առեւանգուած բանակայիններուն թղթածրարին` զօր. Աուն շեշտեց, որ առեւանգող կողմերը միջազգային ոչ մէկ օրէնքի կը հետեւին` աւելցնելով, որ այդ հարցին լուծումը կարիք ունի իմաստուն կեցուածքի եւ համբերութեան:
Միւս կողմէ, զօր. Աուն ընդգծեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ ինք մնայուն կապի մէջ է եւ արդէն իսկ անկէ բերանացի պատգամ մը ստացած է:
Պատասխանելով լիբանանեան բանակէն անջատուող զինուորներուն մասին հարցումի մը` զօր. Աուն շեշտեց, որ այդ անջատուող զինուորներուն համեմատութիւնը չնչին է:


