
Apsni.ge կայքը կը հաղորդէ, որ Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլի Թուրքիոյ բանակի սպայակոյտի պետ զօր. Նաճեթ Էօզելի հետ իր հանդիպումին ընթացքին յայտարարած է, որ Թուրքիան ոչ միայն Վրաստանի դրացին է, այլ նաեւ` ընկերը եւ ռազմավարական գործընկերը:
Հանդիպումին ընթացքին կողմերը քննարկած են երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութեան խորացման վերաբերող հարցերը, ներառեալ` զինուորական կրթութեան մարզին մէջ:
«Մենք բազմիցս խօսած ենք եւ, կարեւորը, գործով ապացուցած, որ Թուրքիան ոչ միայն Վրաստանի դրացին է, այլ նաեւ ընկերը եւ ռազմավարական գործընկերը», ըսած է Ղարիպաշվիլի:
Նշուած է նաեւ, որ Թուրքիա-Վրաստան-Ազրպէյճան ձեւաչափով եռակողմ համագործակցութեան ծիրին մէջ տեղի պիտի ունենան միացեալ խմբային եւ դաշտային ռազմափորձեր:


