Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փարիզի Մէջ. Սարգսեան – Հոլլանտ – Ալիեւ Եռակողմ Հանդիպում` Ղարաբաղեան Տագնապի Լուծման Ջանքերուն Ծիրին Մէջ

October 28, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

1027_Arm-Azer_OSCEՖրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի հրաւէրով աշխատանքային այցելութեամբ  Փարիզ գտնուող նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Էլիզէի պալատին մէջ  տեսակցեցաւ նախագահ Հոլլանտի հետ: Հայաստանի եւ Ֆրանսայի նախագահները քննարկեցին հայ-ֆրանսական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ անդրադարձան շրջանային եւ միջազգային խնդիրներուն եւ մարտահրաւէրներուն: Նախագահ Սերժ Սարգսեան  շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Հոլլանտին` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան մէջ Ֆրանսայի դերակատարութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման ուղղուած փարիզեան հանդիպման նախաձեռնութեան համար:

Նշենք, որ ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ ընդունած է նաեւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը: Հանդիպումին ընթացքին քննարկման հիմնական նիւթը եղած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հարցը: Քննարկումներուն վերաբերեալ այլ մանրամասնութիւններ չկան, փոխանցած է լրատու գործակալութիւնը:

Հոլլանտ – Սարգսեան հանդիպումին ընթացքին զրուցակիցները կրկին ընդգծեցին, որ հայ-ֆրանսական առանձնաշնորհեալ յարաբերութիւնները վկայութիւնն են ընդհանուր արժէքներու վրայ հիմնուած հայ եւ ֆրանսացի ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութեան, եւ թէ այդ յարաբերութիւնները տարուէ տարի աւելի կ՛ամրապնդուին բարձր մակարդակի փոխադարձ այցելութիւններով, միջխորհրդարանական սերտ կապերով, ապակեդրոնացած համագործակցութեան ընդլայնումով եւ զարգացումով` փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող բոլոր մարզերուն մէջ, ինչպէս նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններու ծիրին մէջ  համագործակցութեամբ: Նախագահներ Սերժ Սարգսեան եւ Ֆրանսուա Հոլլանտ գոհունակութեամբ ընդգծեցին, որ քաղաքական բարձր մակարդակի երկխօսութենէն բացի, աշխուժօրէն կը զարգանան եւ կ՛ամրապնդուին նաեւ տնտեսական կապերը. ֆրանսական ներդրումներու ծաւալը հայաստանեան տնտեսութեան մէջ այսօր արդէն կը կազմէ շուրջ մէկ միլիառ տոլար:

Նախագահ Հոլլանտ շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Սերժ Սարգսեանին` միջազգային խաղաղապահ առաքելութեան Հայաստանի մասնակցութեան, ինչպէս նաեւ ափրիկեան շրջանին մէջ ՄԱԿ-ի հովանիին ներքեւ իրականացուող գործողութիւններուն հայկական կողմին մասնակցութեան պատրաստակամութեան համար:

Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի  տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին` նախագահ Սարգսեան ընդգծեց, որ Հայաստան միշտ կողմնակից եղած է բացառապէս խաղաղ բանակցութիւններու միջոցով տագնապի լուծման եւ նշեց, որ բարձր կը գնահատէ համանախագահող երկիրներու ղեկավարներուն եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին ջանքերը, որոնց նպատակն  է բանակցային հոլովոյթը յառաջ մղել, շրջանին մէջ մնայուն խաղաղութիւն եւ կայունութիւն հաստատել:

Հայաստանի եւ Ֆրանսայի նախագահներուն հանդիպումէն ետք Փարիզի Մարինյի պալատին մէջ  ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն մասնակցութեամբ տեղի  ունեցան Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման ուղղուած Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներու բանակցութիւնները, որոնք աւելի ուշ ամփոփուեցան Ֆրանսայի, Հայաստանի եւ  Ազրպէյճանի նախագահներու եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի եռանախագահներու հանդիպման ժամանակ:

Նախորդը

Այցելութիւն Եռաբլուր` 27 Հոկտեմբերի Ոճրային Արարքի 15-րդ Տարելիցին Առիթով

Յաջորդը

Ակնարկ. «Աւելի Վատ Ծագում»-ով Գլխաւոր Խորհրդական Մը

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.