Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այցելութիւն Եռաբլուր` 27 Հոկտեմբերի Ոճրային Արարքի 15-րդ Տարելիցին Առիթով

October 28, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

1027_Ohanian_Yeraplur1Երէկ Եռաբլուր պանթէոն այցելեցին  Հայաստանի Հանրապետութեան  պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան, բանակի ընդհանուր հրամանատար զօրավար-գնդապետ Եուրի Խաչատուրով, Երկրապահ կամաւորականներու միութեան նախագահ Մանուէլ Գրիգորեան, բարձրաստիճան զինուորականներ, պաշտօնատարներ, Վազգէն Սարգսեանի մարտական ընկերները, հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, ազատամարտիկներ: Այս մասին նշուած է պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ: «Առաւօտեան կանուխ ժամերէն Եռաբլուր զինուորական պանթէոնը մարդաշատ էր: Բազմաթիւ մարդիկ եկած էին յարգանքի տուրք մատուցելու աննախընթաց ոճրագործութեան զոհ դարձած ականաւոր զինուորական եւ քաղաքական գործիչ սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի յիշատակին, ինչպէս նաեւ անգամ մը եւս ոգեկոչելու յիշատակը այն հայորդիներուն, որոնք իրենց կեանքը զոհաբերեցին յանուն Հայաստանի եւ Արցախի անկախութեան եւ ազատութեան: Ներկաները ծաղիկներ եւ ծաղկեպսակներ զետեղեցին սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի, զօրավար Անդրանիկ Օզանեանի շիրիմներուն, անյայտ կորսուածներու յիշատակը յաւերժացնող եւ «Բերդապար» յուշակոթողներուն: 27 հոկտեմբեր 1999-ի  ոճրագործութենէն  անցած  է 15 տարի: Ինչ խօսք, տակաւին երկար տարիներ մարդոց յիշողութեան մէջ կը մնան հոկտեմբերեան դաժան իրադարձութիւնները: Անմահ է ոճրագործութեան զոհերուն յիշատակը, անմահ է անոնց հայրենանուէր գործը», ըսուած է պաշտպանութեան նախարարութեան  հաղորդագրութեան մէջ:

Եռաբլուր այցելեցին նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան, վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան, Ազգային ժողովի  փոխնախագահներ Հերմինէ Նաղդալեան, Էդուարդ Շարմազանով, պատգամաւորներ, զոհուած պետական գործիչներու հարազատները, Ազգային ժողովի  աշխատակազմի ներկայացուցիչները եւ խորհրդարանին մէջ  հաւատարմագրուած լրագրողները:

 

 

Նախորդը

Տիգրանակերտի Քաղաքապետը Երեւանի Մէջ Այցելեց Ցեղասպանութեան Թանգարան

Յաջորդը

Փարիզի Մէջ. Սարգսեան – Հոլլանտ – Ալիեւ Եռակողմ Հանդիպում` Ղարաբաղեան Տագնապի Լուծման Ջանքերուն Ծիրին Մէջ

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.