Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց վարչական եւ ելեւմտական մարզի պետական քննիչներու խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին ան հաստատեց այդ խորհուրդներուն առաքելութեան կարեւորութիւնը` կառավարութեան գործադրելիք աշխատանքային ծրագիրին առումով:
Միքաթի շեշտեց, որ այդ նիստին նպատակն է կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին ուղղուածութիւնը գործադրել պետական հաստատութիւններուն մէջ:
Վարչապետը նկատել տուաւ, որ քաղաքացիները երկար ատենէ ի վեր կը տառապին պետական հաստատութիւններուն մէջ արձանագրուած թերացումներէն, ինչպէս նաեւ կը բողոքեն կարգ մը հաստատութիւններու պաշտօնեաներուն դէմ: «Այս կացութիւնը պէտք է անմիջական սրբագրութեան ենթարկել եւ վերջ տալ պետական քննիչներու աշխատանքին կատարուելիք բոլոր միջամտութիւններուն», ըսաւ ան:
Միքաթի ընդգծեց, որ պետական հաստատութիւններուն մէջ արձանագրուած ապօրինութիւններուն եւ օրինախախտումներուն պէտք է վերջ մը դնել` աւելցնելով, որ պետական նշանակումները հերթաբար պիտի կատարուին` ըստ ատակութեան եւ կարողութիւններուն:
Միքաթի յայտնեց, որ քննիչներուն աշխատանքը պիտի ըլլայ թափանցիկ եւ արդար` հեռու վրէժխնդրութեան կամ ոխակալութեան մօտեցումներէն:
Միքաթիի այցելեց նաեւ Պէյրութի առեւտրականներու միութեան նախագահ Նիքոլա Շամմասը, որ վարչապետին հետ քննարկեց միութեան վերաբերող շարք մը հարցեր:
Վարչապետարանի այցելուներէն եղան նաեւ երեսփոխան Էմիլ Ռահմէ, Դրամատուներու աշխատանքին հսկող քննիչ յանձնախումբի նախագահ Ուսամա Մըքտաշի, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ Քուէյթի դեսպան Պասսամ Նաամանի:
Նշենք, որ Միքաթի նախանցեալ օր երկարատեւ դռնփակ հանդիպում մը ունեցաւ արդարութեան նախարար Շաքիպ Քըրթպաուիի հետ: Քննարկուեցան նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան հետաքննութեան կապուած սուտ վկաներու թղթածրարն ու զայն ամբողջացնելու կարելիութիւնը, որպէսզի սուտ վկաներուն հարցը եւս քննարկուի կառավարութեան նիստին ընթացքին:
Միւս կողմէ, վարչապետ Միքաթիի մօտիկ աղբիւրներ կը հաստատեն, որ օրերը պիտի փաստեն, թէ իր իշխանութեան ընթացքին ոչ մէկ լիբանանեան համայնք պիտի իրաւազրկուի` պետական պաշտօններ ստանձնելու իմաստով:


