«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Յունաստանի փոխվարչապետ, արտաքին գործոց նախարար Եւանկելոս Վենիզելոս յայտարարած է, որ Եւրոպական Միութիւնը Անգարային յստակ ազդանշան ուղարկած է. Թուրքիան պէտք է յարգէ միջազգային իրաւունքը, եւ եթէ ան մտադիր է անդամակցելու Եւրոպական Միութեան, պէտք է ճանչնայ եւրոպական հանրութեան բոլոր անդամ պետութիւնները:
Վենիզելոսի յայտարարութիւնը տարածած է Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:


