Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՍՈՒՐԻՈՅ ԱՇԽԱՐՀԱԳՐԱԿԱՆ ԴԻՐՔՆ ՈՒ ՄԵԾ ԴԵՐԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԶԱՅՆ ԱՐՏԱՔԻՆ ԴԱՒԱԴՐՈՒԹԵԱՆՑ ԹԻՐԱԽԻ ԿԸ ՎԵՐԱԾԵՆ» Կ՛ԸՍԷ ՈՒԱԼԻՏ ՄՈԱԼԼԵՄ

July 21, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ուալիտ Մոալլեմ

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմ երէկ Դամասկոսի համալսարանին մէջ տեղի ունեցած կլոր սեղանի մը ընթացքին յայտնեց, որ « Միջին Արեւելքի սրտին մէջ Սուրիոյ աշխարհագրական դիրքը, արաբական հայրենիքի եւ ընդհանրապէս շրջանի քաղաքականութեանց ու հաւասարակշռութեանց մէջ անոր մեծ դերակատարութիւնը, ինչպէս նաեւ Իսրայէլի դրացի ըլլալը զայն կը վերածեն բազմաթիւ կողմերու շահերուն ծառայող արտաքին դաւադրութեանց թիրախի մը»:

Մոալլեմ զգուշացուց Սուրիոյ ներկայ տագնապին քաղաքական վտանգներէն` ինչ կը վերաբերի ընթացք առած ու հաւանական արտաքին միջամտութեանց եւ անոնց ստեղծած պառակտումին:

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարը շեշտեց, որ իր երկիրը նախագահ Պաշշար Ասատի ղեկավարութեամբ, եւ հակառակ նախորդող տարիներուն իր ապրած դժուարութեանց ու մեկուսացման փորձերուն, յաջողած է իր ազգային կեցուածքներն ու սկզբունքները պահել:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու «Արապիա» պատկերասփիւռի արբանեակային կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ իր երկիրը Սուրիոյ ներկայ իրադարձութեանց չի միջամտեր, սակայն միեւնոյն ժամանակ նշեց, որ սուրիացի ժողովուրդը լաւ ապագայ մը ունենալու արժանի է:

«Սակայն մեր չմիջամտելը չի նշանակեր, թէ այդտեղ տեղի ունեցածին նկատմամբ մտահոգ չենք: Նախ եւ առաջ կ՛ուզենք, որ երկու երկիրներուն միջեւ, մանաւանդ սահմանամերձ շրջաններուն մէջ խաղաղութիւն հաստատուի, երկրորդ` երկու երկիրներուն միջեւ իսկական խաղաղութիւն կը ցանկանք, իսկ երրորդ` կը կարծեմ, որ սուրիացի երիտասարդութիւնը աւելի լաւ ապագայի մը արժանի է: Մեր եւ Սուրիոյ միջեւ խաղաղութիւն չկար, սակայն հակառակ իսկական խաղաղութեան հասնելու գաղտնի բանակցութեանց, ո՛չ խաղաղութիւն ո՛չ պատերազմի կացութիւն մըն էր, սակայն այն, ինչ որ անընդունելի է, այն է, որ Սուրիա Հըզպալլայի եւ Իրանի կը զօրակցի»:

Միւս կողմէ, Յորդանանի տեղեկատուութեան նախկին նախարար Սալեհ Քալլապ «Արապիա»ին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին Սուրիան նկարագրեց իբրեւ Թուրքիոյ եւ Իրանի ազդեցութեանց միջեւ պայքարի կրկէս մը: Ան օսմանական-սեֆեւիական պայքարի վերադարձը չբացառեց, եթէ Իրան վտանգը նշմարէ, մասնաւանդ որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի յայտարարութիւնները յստակ ու ուղղակի կերպով ընդդիմութեան զօրակցողի վերածուած են եւ շրջանին մէջ իրանեան ծրագիրներուն հակասող ձգտումներ կը մատնանշեն, ինչ որ կրնայ Իրանի եւ Թուրքիոյ միջեւ զինուորական պայքարի առաջնորդել, եթէ կացութիւնը իր ներկայ վիճակը շարունակէ:

 

 

Նախորդը

ԹԵՀՐԱՆ ԿԸ ՍՊԱՌՆԱՅ ՓԱԿԵԼ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ԵՒ ՆԱԽԻՋԵՒԱՆԻ ՄԻՋԵՒ ԳՏՆՈՒՈՂ ՄԻՋԱՆՑՔԸ

Յաջորդը

«ԿԻՊՐՈՍ ԿՈՉՈՒԱԾ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ ԳՈՅՈՒԹԻՒՆ ՉՈՒՆԻ» Կ՛ԸՍԷ ԷՐՏՈՂԱՆ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.