Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Լեւոն Եւ Սոֆիա Յակոբեան Քոլեճի 1964-2014 Յուշամատեանի Եւ «Ոսկեայ Յուշեր» Յիսնամեակի Տեսերիզներու Ալպոմի Շնորհահանդէս

October 25, 2014
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

sop-yer-(28)Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի 1964-2014 յուշամատեանի եւ «Ոսկեայ յուշեր» յիսնամեակի տեսերիզներու ալպոմի շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 24 հոկտեմբեր 2014-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ:

Վերա Եագուպեան
Վերա Եագուպեան

Հանդիսութեան պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներով: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Վերա Եագուպեան, ան նշեց, թէ յիսնամեակը դպրոցին ջամբած ազգային ոգին եւ նուիրեալ հայու վերարժեւորման առիթ է: Ան նշեց, որ քոլեճը միշտ ալ ունեցած է որակաւոր եւ թանկագին ուսուցիչներու փաղանգ մը: «Յիսուն տարիներու ընթացքին, որոնք ակնթարթ մը կը թուին ըլլալ, բխած իրագործումները յաւերժական պահեր են բոլորին համար: «Այս անառիկ ամրոցը» սփիւռքի զանազան գաղութներուն հայթայթած է խմբագիրներ, ուսուցիչներ, ազգային գործիչներ, արուեստի մարզին մէջ մշակներ, եւ ամէնէն կարեւորը, որ իր արեամբ մասնակցած է Հայ դատի պայքարին», ըսաւ ան, ապա յայտնեց, որ շնորհահանդէսը յիսնամեակի հանդիսութիւններու փակումն է, որ պատկառելի ձեւով կը ներկայացուի շնորհիւ մեկենասներուն` տէր եւ տիկին Սարգիս Կիտցինեաններուն:

Գեղարուեստական յայտագիրին ասմունքով իրենց մասնակցութիւնը բերին Ցոլեր Պուտաքեան «Յիսնամեակ» քերթուածով եւ Նաթալի Քելխաչերեան «Լուսաբաց» քերթուածով, իսկ քոլեճի երգչախումբը ներկայացուց «Մայրենի լեզու» խմբերգը` խմբավարութեամբ ուսուցիչ Գայեանէ Մարկոսեանի:

Նազարէթ Պէրպէրեան
Նազարէթ Պէրպէրեան

Այս առիթով ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ վաստակաշատ խմբագիր, հրապարակագիր, քոլեճի 1969-ի շրջանաւարտ Նազարէթ Պէրպէրեան, որ նկատել տուաւ, թէ Սոֆիա Յակոբեան իր ծնունդով  ծանրութեան կեդրոն դարձաւ Պուրճ Համուտի մէջ: Քոլեճը հպարտութիւն ներշնչած է ու կը ներշնչէ հաւաքական կեանքի ճառագայթումին վրայ իւրաքանչիւր հայու մտքին ու հոգիին մէջ: Ան դիտել տուաւ, որ պատահական ձեւով Պուրճ Համուտը չդարձաւ սփիւռքի սիրտը, եթէ հիւղաւաններու մէջ մեր հայրերը չստեղծէին նախակրթարաններ, եթէ կարիքը չզգային կրթութեան, ո՛չ ուսուցիչներ, ո՛չ տնօրէններ, ո՛չ ոք կը պատկերացնէր, թէ ի՛նչ պիտի փոխուէր այդ դպրոցի ստեղծած բոյրով: Արեւմտահայերէնի ծարաւ ունէինք, սեփական պայմաններով հոգեմտածողական պայմաններու լոյսի տաճար, որ իրականացաւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի ստեղծումով: Բուռ մը հայեր լոյսի տաճար ստեղծեցին: Այսքան արագ ընթացող հայութեան կեանքի վերիվայրումներուն մէջ այս դարբնոցը հայկական ինքնութեան որակ մը եղաւ, պուրճհամուտեան ինքնութիւն մը, որ հպարտութեամբ կը նայի իր կենսունակութեան մտածողութեան: Սոֆիա Յակոբեանի շրջանաւարտներու, ուսուցիչներու, ուր ալ հանդիպինք, պիտի տեսնենք հայու հպարտութիւնը, ինքնավստահութիւնը, որ գոյութեան պայքարի մէջ կը մեծցնէ մեզ ազգովին: Պէրպէրեան եզրափակեց իր խօսքը ըսելով, թէ հպարտութեան շքանշան թող ըլլայ յիսնամեակը:

Վիգէն Աւագեան
Վիգէն Աւագեան
իւզան Սասունեան-Կիտցինեան
Սիւզան Սասունեան-Կիտցինեան

Այս առիթով Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի տնօրէն Վիգէն Աւագեան ելոյթ ունեցաւ եւ ըսաւ, թէ քոլեճը մասնակից է ազգային շունչի պահպանման գործին եւ հայ նկարագիր դարբնելու աշխատանքին: Սերունդներ դաստիարակչական հնոցէն անցեր ու ստանձներ են պատասխանատու պաշտօններ աշխարհի զանազան գաղութներու մէջ: «Եկած ենք մեր յարգանքի տուրքը մատուցելու անոնց, որոնք դիմագիծ ու նկարագիր տուած են հայ սերունդներուն: Մեզ համախմբողը միշտ ալ հայ դպրոցը կը հանդիսանայ, որ պատմական հարուստ անցեալով ներկայի երաշխիքը կը հանդիսանայ: Հայ սերունդներուն կը կտակէ հայութեան գոյատեւման անընկճելի կամքը», ըսաւ ան, ապա շարունակեց. «Հայ դպրոցը մեր գոյութեան պայքարին մէջ գործօն մասն է մեր ազգային վերելքին. ուժեղ ենք, երբ կը հաւատանք մեր ինքնութեան ու գոյութեան: Ազգովին կառչինք մեր անժամանցելի արժէքներուն եւ ազգային արժանապատուութեամբ ապրելու տենչին»:

Նոյն առիթով ելոյթ ունեցաւ յիսնամեակի տօնակատարութիւններու նախագահ, քոլեճի 1974-ի շրջանաւարտ Սիւզան Սասունեան-Կիտցինեան, որ ըսաւ, թէ յաղթանակի օր է, ձեւով մը հաշուեյարդար` արժեւորելու առաքելութիւնը Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի ուղեւորութեան, որ տուած է բազմաթիւ հունձքեր, պատրաստած է շրջանաւարտ սերունդներ հայկական արժէքներով սնած եւ ազգային գոյութեամբ ամրապնդուած: Ան աւելցուց, որ դժուար է հայօրէն ապրիլ, մանաւանդ երբ կը թիավարենք համաշխարհայնացման հոսանքին դէմ: Հայ դպրոցն է վճռակամ պահակը լեզուի մշակներուն եւ հայ մշակոյթին:

sop-yer-(235)Բեմ բարձրացան քոլեճի հին ու նոր տնօրէնները` Կարօ Յովհաննէսեան, Վիգէն Աւագեան, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեանը, տէր եւ տիկին Կիտցինեաններ (յուշամատեանի մեկենաս ամոլը), եւ տեղի ունեցաւ գինեձօնը յուշամատեանին, որմէ ետք առաջնորդ սրբազանը ելոյթ ունեցաւ:

Շահէ եպս. Փանոսեան
Շահէ եպս. Փանոսեան

Շահէ եպս. Փանոսեան փոխանցեց Արամ Ա. հայրապետի ողջոյնն ու օրհնութիւնը այս հանդիսութեան: Ան շեշտեց, որ Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճը մասնակից է ազգային շունչի պահպանման գործին եւ նկարագիր կերտելու եւ դարբնելու աշխատանքին մէջ:

«Մատեանը իր մէջ կը բովանդակէ պատառիկներ այն յիշատակներէն, որոնք կերտուեցան քոլեճին մէջ: Այնտեղ կայ մեր հաւատքը ազգային կրթութեան սուրբ գործին նկատմամբ: Հայ վարժարանները կը գոյատեւեն մեր գոյութեան համար», ըսաւ առաջնորդ սրբազանը:

Քոլեճի քայլերգով փակուեցաւ հանդիսութիւնը: Հանդիսութենէն` ետք տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն նոյն սրահին մէջ:

 

Նախորդը

ՀՅԴ «Է. Ակնունի» Կոմիտէի Քարոզչական Յանձնախումբ. Հանդիպում-Զրոյց` «Թմրեցուցիչը Եւ Իր Վնասները» Նիւթով

Յաջորդը

«Մերձաւոր Արեւելքի Հիմնադրամ»-ի (Նիր Իսթ Ֆաունտէյշըն) Տնօրէնը Մասնակցեցաւ 100-Ամեակի Նիստին

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.