Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԹԵՀՐԱՆ ԿԸ ՍՊԱՌՆԱՅ ՓԱԿԵԼ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ԵՒ ՆԱԽԻՋԵՒԱՆԻ ՄԻՋԵՒ ԳՏՆՈՒՈՂ ՄԻՋԱՆՑՔԸ

July 21, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ալի Հասանով

Ազրպէյճանական «1new.az» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի հասարակական-քաղաքական հարցերու բաժանմունքի վարիչ Ալի Հասանով թրքական «Թուտէյզ Զաման» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Ազրպէյճան որեւէ խնդիր չի տեսներ Թուրքիոյ հետ այցեգրային համակարգը երկկողմանի կերպով ջնջելու հարցին մէջ:

«Սակայն ատոր դէմ կ՛արտայայտուի Իրան եւ կը պահանջէ, որ Ազրպէյճան իրեն հետ նոյնպէս վերցնէ այցեգրային համակարգը: Այլապէս կը սպառնայ փակել Ազրպէյճանի եւ Նախիջեւանի միջեւ գոյութիւն ունեցող միջանցքը», ըսած է Հասանով` աւելցնելով, որ «Ազրպէյճան պէտք է միաժամանակ Թուրքիոյ եւ Իրանի հետ այցեգրային համակարգը վերցնէ: Սակայն ներկայ հանգրուանին չեմ կարծեր, որ Ազրպէյճանի իշխանութիւնները պատրաստ են մէկ անգամէն երկու երկիրներու հետ այցեգրային համակարգը վերցնելու»:

Հասանով նշած է, որ հիմնական մտահոգութիւնը կապուած է Իրանի սահմանին հետ: «Իրանէն Ազրպէյճանի տարածքով Եւրոպա կ՛արտահանուի շուրջ երեք հարիւր թոն թմրեցուցիչ: Կարելի կ՛ըլլայ բռնագրաւել միայն հինգէն տասը թոն թմրեցուցիչ: Այդ բոլորին պատճառով ազրպէյճանցի երիտասարդներու շրջանակին մէջ թմրամոլութիւնը կը տարածուի», ըսած է Հասանով աւելցնելով, որ Իրանի պէս մեծ երկրի մը հետ այցեգրային համակարգի ջնջումը ներկայ պահուն չի համապատասխաներ Ազրպէյճանի ազգային շահերուն:

«Իրանի մէջ տիրող քաղաքական անկայուն իրավիճակը կրնայ նպաստել գաղթականներու մեր երկիր հոսքին: Մենք փոքր երկիր ենք եւ պէտք է հոգ տանինք մեր ազգային անվտանգութեան», ըսած է Ազրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի հասարակական-քաղաքական հարցերու բաժանմունքի պետ Ալի Հասանով:

Աւելի ուշ, «1new.az» կայքէջը հաղորդեց, որ Հասանով յայտարարած է, որ «Թուտէյզ Զաման»ի մէջ տեղ գտած տեղեկութիւնը չի համապատասխաներ իրականութեան:

«Թրքական «Թուտէյզ Զաման» օրաթերթին մէջ տեղ գտած եւ ինծի վերագրուող այն տեղեկութիւնը, թէ Իրան այցեգրային համակարգի ջնջման հարցով Ազրպէյճանի վրայ ճնշումներ կը գործադրէ, չի համապատասխաներ իրականութեան: Իմ մտքերս թերթին մէջ սխալ ձեւով ներկայացուած են», ըսած է ան:

 

 

Նախորդը

«ԵՒՐՈՊԱՆ ԿԸ ԿՈՐՍՆՑՆԷ ԱՇԽԱՐՀԻ ՄԷՋ ԻՐ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ» Կ՛ԸՍԷ ՌԱՍՄՈՒՍԵՆ

Յաջորդը

«ՍՈՒՐԻՈՅ ԱՇԽԱՐՀԱԳՐԱԿԱՆ ԴԻՐՔՆ ՈՒ ՄԵԾ ԴԵՐԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԶԱՅՆ ԱՐՏԱՔԻՆ ԴԱՒԱԴՐՈՒԹԵԱՆՑ ԹԻՐԱԽԻ ԿԸ ՎԵՐԱԾԵՆ» Կ՛ԸՍԷ ՈՒԱԼԻՏ ՄՈԱԼԼԵՄ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.