Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Չեմփիընզ Լիկ». Պորուսիա Տորթմունտ 4-0 Արդիւնքով Ջախջախեց Կալաթասարայը` Թուրքիոյ Մէջ

October 23, 2014
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Հենրիխ Մխիթարեան` երէկուան մրցումին
Հենրիխ Մխիթարեան` երէկուան մրցումին

«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, որ տեղի կ՛ունենայ խմբակներու դրութեամբ, երէկ գիշեր Պորուսիա Տորթմունտ, որ մաս կը կազմէ Դ. խմբակին, արձանագրեց իր երրորդ յաջորդական յաղթանակը, երբ Թուրքիոյ մէջ 4-0 արդիւնքով ջախջախեց Կալաթասարայը:

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին մաս կազմող Հենրիխ Մխիթարեանի կազմը` Տորթմունտ, թէեւ լաւ արդիւնք չ՛արձանագրեր «Պունտըսլիկա»-ին մէջ, սակայն պէտք է ըսել, որ այս մրցաշարքին անոր արձանագրած արդիւնքները շատ լաւ կը նկատուին` զօրաւոր խմբակի մը մէջ:

Նշենք, որ նախքան Կալաթասարայ – Պորուսիա Տորթմունտ մրցումը սկսիլը, Պոլսոյ մէջ բախումներ տեղի ունեցան երկու կազմերուն համակիրներուն միջեւ եւ անոնք նոյնիսկ յանգեցան ծեծկռտուքի, բաւական վայրի ձեւով` թուրք համակիրներուն կողմէ:

Ռոնալտօ
Ռոնալտօ

Օլիմփիաքոս, անակնկալ մը ստեղծեց, երբ 1-0 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Իտալիոյ ախոյեան Եուվենթուսին:

Իր կարգին, Ռէալ Մատրիտ արձանագրեց իր երրորդ յաջորդական յաղթանակը` 3-0 արդիւնքով յաղթական վերադառնալով Լիվըրփուլի դաշտէն:

Քրիսթիանօ Ռոնալտօ (23-րդ) եւ Քարիմ Պենզեմա (30-րդ եւ 41-րդ) նշանակեցին Ռէալի կոլերը:

Նշենք, որ այս մրցաշարքին գծով այսպիսով Ռոնալտօ նշանակեց իր 70-րդ կոլը:

Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.

Ա. ԽՄԲԱԿ
Աթլեթիքօ Մատրիտ – Մալմօ 5-0
Օլիմփիաքոս – Եուվենթուս 1-0
Բ. ԽՄԲԱԿ
Լիվըրփուլ – Ռէալ Մատրիտ 0-3
Լուտոկորեց – Պալ 1-0
Գ. ԽՄԲԱԿ
Պայէր Լեւերքուզըն – Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկ 2-0
Մոնաքօ – Պենֆիքա 0-0
Դ. ԽՄԲԱԿ
Անտըրլեխթ – Արսենալ 1-2
Կալաթասարայ – Պորուսիա Տորթմունտ 0-4
Նախորդը

Ուալիտ Նասսար Շնորհաւորեց Ամշիթի Նախագահը

Յաջորդը

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

RelatedPosts

Պէյրութ Մարաթոն Միութիւն.  Խալիլ Այցելեց Հայկական Համայնքական,  Կրթական Եւ Մարզամշակութային Կեդրոններ`  Կապերը Աւելի Եւս Ամրացնելու Համար
Մարզական

Պէյրութ Մարաթոն Միութիւն. Խալիլ Այցելեց Հայկական Համայնքական, Կրթական Եւ Մարզամշակութային Կեդրոններ` Կապերը Աւելի Եւս Ամրացնելու Համար

November 21, 2026
Բռնցքամարտ.  Յակոբեան Եւ Յովհաննիսեան`  Յաղթական
Մարզական

Բռնցքամարտ. Յակոբեան Եւ Յովհաննիսեան` Յաղթական

November 21, 2026
Ճիւտօ.  Շաւարշ Նահապետեան Աւարտեց  Իր Ելոյթները Աշխարհի Ախոյեանութեան
Մարզական

Ճիւտօ. Շաւարշ Նահապետեան Աւարտեց Իր Ելոյթները Աշխարհի Ախոյեանութեան

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.