
Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ ան կը պատրաստուի Պէյրութ վերադառնալու եւ մօտէն հետեւելու խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու աշխատանքներուն` իր մշակած յատուկ ընթացագիծին ընդմէջէն:
Նոյն աղբիւրները հաստատեցին, որ Հարիրի գրեթէ աւարտած է այդ ընթացագիծին մշակումը եւ զայն պիտի ներկայացնէ լիբանանեան քաղաքական այլ ուժերուն:
Նոյն աղբիւրները կը հաստատեն նաեւ, որ Հարիրի մօտէն կը հետեւի լիբանանեան բանակն ու ապահովութեան ուժերը զինելու ջանքերուն, յատկապէս Սէուտական Արաբիոյ կողմէ տրամադրուած մէկ միլիառ ամերիկեան տոլարին շրջագիծին մէջ:


