
Երեսփոխան Նիքոլա Ֆաթթուշ երէկ Պաապտայի Արդարութեան պալատին մէջ հարուածած է բողոքներու արձանագրութեան բաժանմունքի պատասխանատու Մանալ Տաուը:
Ըստ տեղեկատուական աղբիւրներուն, Մանալ Տաուի աշխատանքի պահուն երեսփոխան Ֆաթթուշ փափաքած է բողոք մը արձանագրել տալ, սակայն Տաու երեսփոխանին յայտնած է, թէ ինք այլ իրաւաբաններու բողոքներ կ՛արձանագրէ:
Վերջինս բարկացած է եւ ըսած, որ ինք երեսփոխան Ֆաթթուշն է եւ չի կրնար սպասել: Այդ պահուն Տաու յայտնած է, որ ան պէտք է հերթի կանգնի, ինչ որ զայրացուցած է երեսփոխանը, որ հարուած մը հասցուցած է Մանալ Տաուի վիզին եւ լքած Արդարութեան պալատը` իր թիկնապահներով:


