Փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել, որ շաբաթ առաւօտեան պաշտօնական այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Թեհրան, երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Իրանի կողմէ Լիբանանի տրամադրուելիք զինուորական օժանդակութեան մանրամասնութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին Ռուհանի հաստատեց, որ Իրան կը զօրակցի Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Իրաքի ժողովուրդներուն, ինչպէս նաեւ բոլոր այն ժողովուրդներուն, որոնք ահաբեկչութեան դէմ կը պայքարին:
Մուքպել հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Իրանի Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Ալի Շամխանիի հետ, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան բանակին տրամադրուելիք զինուորական օժանդակութիւնները:
Շամխանի հաստատեց, որ Իրան պատրաստակամ է օժանդակելու Լիբանանին` անոր տրամադրուելով զէնք եւ զինամթերք, ինչպէս նաեւ անոր հետ բաժնեկցելով ապահովական կայունութիւնը պահպանելու իր փորձառութիւնը:
Լիբանանեան պատուիրակութեան հետ հանդիպումներ ունեցած իրանցի բոլոր պատասխանատուները ընդգծեցին, որ Լիբանանի տրամադրուած օժանդակութիւնը` ժողովուրդին, բանակին եւ Դիմադրութեան մակարդակով, տակաւին մաս կը կազմէ իրանեան քաղաքական ուղեգիծին:


