Շաբաթավերջին Լիբանանի մէջ տեղացած անձրեւը լիբանանեան տարբեր շրջաններուն մէջ գործեց աւերներ, յատկապէս Պեքաայի եւ հիւսիսային Լիբանանի մէջ:
Պաալպեքի, Հերմելի եւ Ֆեքհայի մէջ արձանագրուեցան հողային սահանքներ, ինչպէս նաեւ շրջանին մէջ գոյութիւն ունեցող ցանքը վնասներ կրեց:
Աուալի գետը առաջին անձրեւներէն արդէն իսկ յորդեցաւ եւ պատճառեց ողողումներ:
Նշենք, որ ուրբաթէն շաբաթ լուսցող գիշերուան ընթացքին Թրիփոլիի մէջ գտնուող բնակարաններն ու վաճառատուները ողողուեցան տեղատարափ անձրեւներուն պատճառով:
Մինայի եւ Ապի Սամրայի մէջ փոթորիկին պատճառով տեղահան եղան ծառեր, որոնք իրենց կարգին վնասեցին ինքնաշարժներուն:
Աքքարի մէջ քանդուեցաւ նաեւ կամուրջ մը, որ Սաֆիրան կը միացնէր Քֆարպնինի:
Հանրօգուտ շինութեանց նախարար Ղազի Զաայթեր յայտնեց, որ նախարարութիւնը պիտի հետապնդէ գործուած աւերները եւ հատուցումներ պիտի կատարէ:


