ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Աֆղանիստան իր կատարած այցելութենէն ետք յայտարարած է, որ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ անվտանգութեան գօտիի ստեղծումը այդ տարածքներուն համար շրջափակում չէ:
«Նախապէս մենք 4 դիմում ներկայացուցած ենք միջազգային դաշինքին: Ատիկա թռիչքներու արգիլեալ գօտիի, անվտանգութեան գօտիի ստեղծումն է, ուսուցումը եւ ապահովումը, սուրիական վարչակարգին դէմ պայքարը: Քանի տակաւին ատիկա չկայ, մեր մասնակցութիւնը անկարելի է», ըսած է Էրտողան` նկատի ունենալով դաշինքին գործունէութեան Թուրքիոյ գործօն աջակցութիւնը եւ Սուրիոյ տարածքին մէջ անոր հաւանական ներկայութիւնը:
Թուրք ղեկավարը նշած է. «Անվտանգութեան գօտիի ստեղծումը շրջափակման միջոց չէ»: «Ասիկա միայն Թուրքիա փախուստ տուած Սուրիոյ քաղաքացիներուն սեփական երկիր վերադառնալու կարելիութիւն տալու մասին է: Ատոր համար անհրաժեշտ է այնտեղ անվտանգութիւն ապահովել», ըսած է Էրտողան:
ԱՖՓ կը հաղորդէ, որ Էրտողան ըսած է, որ Թուրքիան համաձայնութիւն պիտի չտայ, որ Միացեալ Նահանգներ զէնք մատակարարեն քիւրտերուն, որոնք կը պայքարին ՏԱՀԵՇ-ի դէմ: Ան նշած է, որ ներկայիս իսլամականներուն եւ քիւրտերուն ուժերը հաւասար են, եւ Թուրքիան «այո» պիտի չըսէ քիւրտերուն ամերիկեան սպառազինութեան մատակարարումին:
Նախապէս Ուաշինկթըն հետախուզական տեղեկութեան փոխանակում կատարած էր քիւրտերուն հետ, ինչպէս նաեւ չէր բացառած ապագային զինուորական մատակարարումները քիւրտ զինեալներուն:
Երէկ հաղորդուեցաւ, որ ՏԱՀԵՇ-ի յառաջխաղացքը կասեցնելու շուրջ հաւանական միջոցառումները քննարկելու համար Օպամա-Էրտողան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը տեղի ունեցած է:


