
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Սուրիոյ մէջ ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Սթեֆան տը Միսթուրան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները` ներկայութեամբ Պըրրիի տեղեկատուական հարցերու խորհրդատու Ալի Համտանի:
Հանդիպումէն ետք Տը Միսթուրա յայտնեց, որ ինք լիբանանեան քաղաքական անձնաւորութիւններու իմաստուն տեսակէտները իմանալու կարիք ունի, ինչպէս նաեւ անհրաժեշտ կը գտնէ շրջանին մէջ տիրող կացութեան մասին քննարկումներ կատարելը:
Ան հաստատեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ոչ միայն քաջածանօթ է լիբանանեան իրադարձութիւններուն, այլեւ` շրջանային հարցերուն եւ Սուրիոյ մէջ տիրող տագնապին:
Տը Միսթուրա շեշտեց, որ ինք փորձած է ստանալ Պըրրիի խորհուրդները, որոնց շրջագիծին մէջ անհրաժեշտ է արագացնել Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծումը` եզրակացնելով, որ Սուրիոյ տագնապին կարելի չէ զինուորական լուծում գտնել:
«Պէտք է բոլորը լաւ հասկնան եւ ըմբռնեն, որ այն պահուն, երբ ՏԱՀԵՇ արագօրէն կը յառաջանայ, մենք եւս կարիք ունինք քաղաքական իմաստով արագօրէն յառաջանալու: Ասիկա շրջանին մէջ ՏԱՀԵՇ-ի սպառնացած վտանգին դիմադրելու միակ ձեւն ու միջոցն է», եզրափակեց տը Միսթուրա:


