
Նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ ընդունեց Սուրիոյ մէջ ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Սթեֆան տը Միսթուրան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլիի:
Հանդիպումէն ետք տը Միսթուրա յայտնեց, որ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը ՄԱԿ-ին եւ միջազգային ընտանիքին համար անհրաժեշտութիւն է:
Տը Միսթուրա հաստատեց, որ պէտք է Սուրիոյ տագնապին անմիջական լուծում մը ապահովել, որպէսզի կարելի ըլլայ վերջ տալ Լիբանանի վրայ անոր ունեցած հետեւանքներուն:
Միւս կողմէ, Սինիորա դատապարտեց Պիրէի մէջ լիբանանեան բանակին դէմ գործուած յարձակումը:
Ան ցաւակցութիւն յայտնեց բանակի նահատակներէն Ժան Ժամալ Հաշեմի ընտանիքին եւ պահանջեց հետապնդել, ձերբակալել եւ պատժել յանցագործները:


