ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի նախկին պատասխանատու Ուիսամ Հասանի նահատակութեան Բ. տարելիցին առիթով, արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆի յայտնեց, որ իրենց շարքերէն ինչքան պատասխանատու կամ զինուորական սպաննեն, իրենք ճշմարտութիւնը բացայայտելէ պիտի չվարանին:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան բանակի սակրաւոր մը յայտնած է, թէ Լիբանանի մէջ տիրող ապահովական կացութիւնը կրնայ ապակայունանալ, սակայն անիկա երկրին այդքան ալ վտանգ պիտի չսպառնայ:
ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Զաայթեր յայտնեց, որ լիբանանեան շրջանները կարիք ունին հսկայ պիւտճէի` աւելցնելով, որ նախարարութեան պիւտճէն սահմանափակ է:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա յայտնեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի նախաձեռնած այցելութիւններուն դրդապատճառները ապահովական են, իսկ ՏԱՀԵՇ կը գտնուի լիբանանեան տարբեր շրջաններու մէջ:
«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով ամերիկացի պատասխանատուներէ, կը գրէ, թէ յառաջիկայ ամիսներուն ընթացքին Լիբանան պիտի հասնին նոր օժանդակութիւններ:
ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը արգելակող խոչընդոտները կը գերազանցեն այդ արգելակումները լուծելու լիբանանեան քաղաքական ուժերուն կարողութիւնները:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար յայտնեց, որ պէտք է ծայրայեղութեան վերջ տալ եւ կառչած մնալ լիբանանեան պետութեան եւ անոր սահմանադրական ու զինուորական հաստատութիւններուն գործունէութեան:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը տեղակատուական լուռ արշաւ մը կը տանին լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի Ուաշինկթըն կատարած այցելութեան դէմ:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան ներքին քաղաքական աշխուժութիւն մը պիտի արձանագրուի յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Քարամ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ կան որոշ կողմեր, որոնք քաղաքացիական ընկերութեան շարժումները կ՛օգտագործեն` այլ հասկացողութիւններու յանգելու համար:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան երեսփոխան Ալաէտտին Թըրրօ ընդգծեց, որ իրենք կառչած կը մնան երեսփոխան Հանրի Հըլուի թեկնածութեան:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ հարցերու պետական նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ յայտնեց, որ առեւանգուած բանակայիններուն թղթածրարը քննարկելու առումով մանրամասնութիւնները տեղեկատուական քննարկումներէն հեռու պէտք է պահել:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի հիւսիսային Լիբանանի պատասխանատու Մուսթաֆա Ալլուշ յայտնեց, որ հիւսիսային Լիբանանը նոր Արսալի մը կարելի չէ վերածել` աւելցնելով, որ հիմնական լուծումը կարելի է ապահովել Հըզպալլայի Սուրիայէն հեռանալով:
ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ Լիբանանի եւ Թրիփոլիի միւֆթի Մալեք Շաար մաղթեց, որ ապահովական կառոյցները բացայայտեն լիբանանեան բանակին դէմ յարձակում գործող կողմերը:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի մօտիկ աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին յայտնած են, թէ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն հասկացողութիւն ցուցաբերած է Լիբանանի դէմ սպառնացող ապահովական վտանգներուն առումով:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Մուսթաքպալ հոսանքը որոշած է մերժել լիբանանեան բանակին տրամադրուելիք իրանեան զինուորական օժանդակութիւնը` պատրուակելով Իրանի դէմ պարտադրուած միջազգային պատժամիջոցները:
ԱՇԽԱՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ընդհանուր համադաշնակցութեան գործադիր խորհուրդի գրասենեակը յայտնեց, որ նախկին կառավարութիւններուն կողմէ գործադրուած զրկումի քաղաքականութիւններուն հետեւանքը այսօր յստակ կերպով նշմարելի է ժողովուրդին ապրած ապրուստի տագնապին վրայ:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ քաղաքական խորհուրդի անդամ Մահմուտ Քումաթի յայտնեց, որ ահաբեկչութիւնը թիրախ դարձուցած է շրջանը` աւելցնելով, որ անոր դէմ դնելու հարցը կարիքը ունի ժամանակի:


