ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Եւրոպայի մէջ ամերիկեան ցամաքային զօրքերու հրամանատարի տեղակալ զօրավար-հազարապետ Ուոլթըր Փայաթ լրագրողներուն յայտնած է, որ Թուրքիան ի վիճակի է Սուրիայէն ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներու ներխուժման հաւանական փորձը կանխարգիլել առանց ՕԹԱՆ-ի օգնութեան:
Ըստ անոր, Թուրքիոյ բանակն ու անվտանգութեան ուժերը կը գտնուին «այնպիսի վիճակի մէջ, որ եթէ ՏԱՀԵՇ-ի սովորական ուժերը Սուրիայէն ներխուժեն, անոնք պարտութեան կը մատնուին»:
Փայաթ աւելցուցած է, որ այդ գնահատականը տուած է նաեւ Անգարան: «Թուրքերը մեզմէ չեն խնդրած աշխուժ հսկողութիւն կատարել Սուրիոյ սահմանին վրայ», ըսած է ան:


