Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կազմակերպութեամբ Ժունիէի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Տիկնանց Յանձնախումբին. Պարոյր Աբղյ. Շերնեզեան Եւ Լուիզա Պապոյեան-Ազեզեան Խօսեցան «Երիտասարդութիւնն Ու Եկեղեցին» Նիւթին Մասին

October 18, 2014
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

1017_joun-1Հովանաւորութեամբ Ժունիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին եւ կազմակերպութեամբ Ժունիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ տիկնանց յանձնախումբին, երէկ` ուրբաթ, 17 հոկտեմբեր 2014-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, դասախօսութիւն մը տեղի ունեցաւ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Հրայր Մարուխեան» սրահին մէջ` «Երիտասարդութիւնն ու եկեղեցին» նիւթով: Տիկնանց յանձնախումբի ատենապետ Ռիթա Ղարիպեան իր բացման խօսքով ողջունեց ներկաները եւ ներկայացուց օրուան զեկուցաբեր-դասախօսները` Լուիզա Պապոյեան-Ազեզեան ու Պարոյր աբղյ. Շերնեզեանը: «Հայ առաքելական եկեղեցին կանուխ ժամանակաշրջանէն ներկայութիւն եղած է հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ», ըսաւ Ղարիպեան` ընդգծելով, որ հայ եկեղեցին հոգեւոր քարոզչութեան կողքին, մեծապէս սատարած է ազգային նկարագիրի կերտման ու պահպանման: «Այսօր, 21-րդ դարուն բարոյական արժէքներու անկման շրջանին, երիտասարդութիւնը մեծ մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման կը գտնուի», շեշտեց ան:

1017_joun1Առաջին խօսք առնողը եղաւ Սեն Ժոզեֆ համալսարանի դասախօս, հոգեբան Լուիզա Պապոյեան-Ազեզեան, որ անդրադարձաւ երիտասարդութեան ու յատկապէս հայ երիտասարդութեան եկեղեցիէն բացակայութեան հարցին: Սահմանելէ ետք երիտասարդն ու անոր հոգեբանական-բնախօսական նկարագիրը` Պապոյեան-Ազեզեան թուեց անոր դէմ ցցուող դժուարութիւնները, յատկապէս նիւթական եւ տնտեսական իմաստով: Ան մէջբերեց համալսարանական 135 ուսանողներու հետ կատարուած հետախուզական ուսումնասիրութեան մը արդիւնքները, ըստ որոնց 16 տարբեր վարժարաններէ եկող ուսանողներու մեծ մասը կը բացակայի եկեղեցիէն հետեւեալ պատճառաբանութիւններով.- Եկեղեցական պատարագը անհասկնալի է, ծերերու տեղն է, իրենց կարծիքը առնելու առիթ չի տրուիր, անարդար վճիռներ ամուսնալուծման ընթացքին, եթէ Աստուած գոյութիւն ունենար, պատերազմներ չէին ըլլար եւ այլն: Ան այս գծով շեշտեց հայեցի դաստիարակութեան կարեւորութիւնը` փոքր տարիքէն, ուր հիմնական է ծնողքին եւ դպրոցին դերը:

Ապա խօսք առաւ Պարոյր աբղյ. Շերնեզեան, որ բնորոշեց հայ ժողովուրդը, իբրեւ առաջինը, որ քրիստոնէութիւնը պաշտօնապէս ընդունեց` հարց տալով, թէ որո՞նք եկեղեցի կ՛երթան: Ան ըսաւ, թէ եկեղեցի յաճախողներուն մէկ մասը կ՛երթայ, որովհետեւ մանկութենէն ծնողական դաստիարակութեամբ վարժուած է: Ուրիշներ կ՛երթան, որովհետեւ պէտք կը զգան հաւատքի: Այլ խումբ մը կ՛երթայ պարզապէս առ ի պարտականութիւն` թաղումի, հոգեհանգիստի թէ պսակի արարողութեանց բերումով: «Եկեղեցականներս թերութիւն կ՛ունենանք, որովհետեւ բոլորս ալ մարդ ենք, մինչ եկեղեցին անսխալական է, որովհետեւ Աստուծոյ տունն է», շեշտեց Պարոյր աբղյ. Շերնեզեան: Ան նշեց, թէ ինչպէս մեծ պետութիւններ իրենց ուշադրութեան թիրախ դարձուցած են Միջին Արեւելքի երիտասարդութիւնը` փորձելով ներգրաւել զանոնք զանազան միջոցներով` թմրեցուցիչի թէ այլ ձեւերով: «Երիտասարդութեան վրայ ազդելով այդ պետութիւնները կը փորձեն ազդել շրջանի ժողովուրդներուն վրայ», յայտնեց հայր Շերնեզեան` շեշտելով, որ փրկութեան լաւագոյն պարանը` «Աստուծոյ հաւատքի»-ն պարանն է: Ան թուեց երիտասարդութեան եկեղեցիէն բացակայելու պատճառները, ուր երիտասարդութիւնը հետաքրքրուած չէ եկեղեցական, կրօնական նիւթերով: «Մեր մօտ եկեղեցական, կրօնական դաստիարակութեան պակաս կայ», ընդգծեց ան` յիշեցնելով, որ հոգեւորականը միշտ պատրաստ է բացատրութիւն տալու, ի վերջոյ Աստուծոյ պարանն է փրկութեան պարանը: Ապա զոյգ դասախօսները պատասխանեցին ներկաներու հարցումներուն: Այս առիթով Քրիստին Սրապիոնեան ասմունքեց Վահան Թէքէեանի «Եկեղեցին հայկական» բանաստեղծութիւնը:

Աւարտին ներկաները հրաւիրուեցան հիւրասիրութեան:

 

 

 

Նախորդը

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Վահրամ Փափազեան» Թատերախումբը Ներկայացուց «Պիտի Ըլլայ Պիտի Չըլլայ» Կատակերգութիւնը

Յաջորդը

Անդրադարձ. Քեսապի Նկատմամբ Թուրքիոյ Ախորժակը Կը Յամենայ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.