Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փոխվարչապետ Արմէն Գէորգեան Հրաժարական Ներկայացուց

October 17, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Արմէն Գէորգեան
Արմէն Գէորգեան

17 տարի պետական համակարգին մէջ աշխատած, վարչապետի օգնականէն տարածքային կառավարման նախարար եւ փոխվարչապետ դարձած Արմէն Գէորգեան երէկ աշխատանքէն ազատ կացուցուելու դիմում ներկայացուց:

Կառավարութեան երէկուան ժողովին ընթացքին այս մասին յայտնելով` վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան ըսաւ, որ Գէորգեան իր ասպարէզը պիտի շարունակէ սեփական մարզին մէջ:

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը  կը տեղեկացնէ, որ Ս. Փեթերսպուրկի Պետական ծառայութեան հիմնարկի  շրջանաւարտ, Թվենթէի համալսարանի (Հոլանտա) մագիստրոս Արմէն Գէորգեանի աշխատանքային ասպարէզը ծաղկում ապրեցաւ Ռոպերթ Քոչարեանի օրերուն: Վարչապետ Քոչարեանի օգնականէն  24-ամեայ Գէորգեան դարձաւ երկրի նախագահի օգնական եւ աշխատակազմի ղեկավարի առաջին տեղակալ, իսկ 2006-էն մինչեւ Քոչարեանի նախագահութեան երկրորդ ժամկէտի աւարտը` նախագահի աշխատակազմի ղեկավար: Այս ընթացքին երկու ամիս ան եղած է Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը:

Հակառակ անոր որ Գէորգեան իր ասպարէզի գագաթնակէտին  հասաւ նախագահ Սերժ Սարգսեանի օրերուն` 2008-էն մինչեւ հրաժարականը տարածքային կառավարման նախարարն էր եւ փոխվարչապետը, անոր  ազդեցութեան մասին հիւսուած առասպելներն ու կիսաառասպելական  պատմութիւնները կը վերաբերին Քոչարեանի նախագահութեան տարիներուն: 1990-ականներու վերջաւորութեան  եւ 2000-ականներու սկզբնաւորութեան մամուլը զայն կը բնորոշէր իբրեւ Քոչարեանի ամէնէն վստահելի մարդը: Ե՛ւ համաձայնական դաշինքի, ե՛ւ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան  կազմած կառավարութիւններուն մէջ Գէորգեան յաջողեցաւ անկուսակցական մնալ:

Ըստ նոյն աղբիւրին, Գէորգեան շատ հաւանաբար աշխատանքի անցնի արտերկրի մէջ:

Նախորդը

Անգարայի Քաղաքապետը Քիւրտ Անուան Տակ Ծպտուած Հայերը Մեղադրած Է Անկարգութիւններ Հրահրելու Համար

Յաջորդը

Սպիտակ Տունը Պիտի Ցուցադրէ Հայ Որբերու Գորգը

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.