Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (16 Հոկտեմբեր 1964)

October 16, 2014
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Դաշնակցականները Պիտի Սպաննեն
Սուլթան Համիտը

Պոլսոյ «Հուրրիյէթ» թերթին մէջ Միտհաթ Սէրթօղլու վերի խորագիրով կը պատմէ Եըլտըզի դէպքին մասին տալով հետեւեալ մանրամասնութիւնները.-

– «Հայոց Դաշնակ Քոմիթէն որոշած էր սպաննել սուլթան Ապտիւլհամիտը, որ արգելք մըն էր իրենց բաղձանքներուն: Թուրքերը եւ հայերը դարերով ապրած էին իրարու հետ, բայց կային տարրեր, որոնք շահեր ունէին թուրքերն ու հայերը պառակտելով:

Դաշնակ Քոմիթէն թշուառ խամաճիկ մըն էր անոնց ձեռքը: Մահափորձը սարքելու համար, ռուսահայ Քրիստափոր Միքայէլեան Իսթանպուլ եկած էր, իր աղջիկը` Ռուպինա, կ՛օգնէր իրեն, նաեւ ուրիշ ռուսահայ մը, Կոստանդ Գապլուեան, որոնք սկսան գործակցիլ «Սինկէր» ընկերութեան մէջ աշխատող պելժ անիշխանականի մը հետ: Անիշխանականն էր Ժոռիս, որ յետին մանրամասնութեամբ կազմակերպեց մահափորձը. Վիեննայէն մասնաւոր կառք մը բերին, զայն լեցուցին ռումբերով եւ պայթուցիկներով, ճշդեցին, թէ ո՞ր ժամերուն սուլթանը Եըլտըզի մզկիթը կ՛երթար ու կու գար, վայրկեանը վայրկեանին ստուգեցին ամէն բան: 21 յուլիս 1905-ին, ուժանակներով լեցուն կառքը բերին զետեղեցին մզկիթին դրան առջեւ: Բարեբախտաբար Ապտիւլհամիտ քանի մը վայրկեան ուշ ելաւ մզկիթէն, հակառակ իր սովորութեան, բաւական երկար խօսեցաւ Շէյխուլիսլամին հետ, պահ մը վերջ ուժանակները պայթեցան ահարկու դղրդիւնով մը, կառքին մօտ գտնուող 26 հոգի կտոր կտոր եղան: Ապտիւլհամիտ պահեց իր պաղարիւնը եւ առանձին պալատ գնաց իր կառքով:

Բազմաթիւ ձերբակալութիւններ եղան, մահափորձը սարքողները օտարահպատակ էին, որով արտասահման փախան, պելժ անիշխանականը մահուան դատապարտուեցաւ, բայց սուլթանը ներեց անոր եւ շատ խիստ չվարուեցաւ, փակեց խնդիրը: Միայն թէ դէպքը մտքին մէջ արմատացած էր, եւ մինչեւ 1908-ի Սահմանադրութիւնը, սուլթան Ապտիւլհամիտ խստացուց իր բռնապետական քաղաքականութիւնը:

 

Պէյրութ Մեր Քաղաքը

Մայրաքաղաքի Մաքրութեան Հոգ Պիտի Տարուի
Այսուհետեւ Պէյրութ Բաժնուած Է Եօթը Գօտիներու

Պէյրութի քաղաքապետութիւնը պատրաստած է ծրագիր մը` մայրաքաղաքին մաքրութեան համար: Քաղաքապետութեան ճարտարագէտ Ժորժ Ռիաշի այդ ծրագիրին ընդհանուր գիծերը պարզեց երէկ` յայտարարութիւն մը ընելով Տեղեկատուութեան ազգային գործակալութեան:

«Ամէն տարի այս շրջանին, այսինքն` հոկտեմբերի վերամուտին,- յայտարարեց . Ժ. Ռիաշի. քաղաքին մաքրութիւնը կը ստեղծէ բազմաթիւ խնդիրներ` զանազան պատճառներով: Աղբահաւաքները ժամանակին լուր չեն ունենար գիւղագնացներու վերադարձէն եւ քանի մը օր ետք միայն կը սկսին հաւաքել կարգ մը տուներու աղբերը: Աղբերը կը հաւաքուին եւ բնակիչները, անոնցմէ ձերբազատուելու համար, աղբերը կը նետեն փողոցներու անկիւնները:

«Միւս կողմէ, բոլոր գիւղագնացները, Պէյրութ վերադառնալով, գրեթէ միաժամանակ տունի մաքրութիւն կը կատարեն եւ փողոց կը նետեն առարկաներ եւ աւելցուքներ:

«Ուստի, շարունակեց Ժ. Ռիաշի,- քաղաքապետութիւնը որոշեց պատրաստել ծրագիր մը` պահելու համար մայրաքաղաքի մաքրութիւնը, հակառակ գիւղագնացներու զանգուածային վերադարձին: Այս ծրագիրին ընդհանուր գիծերն են հետեւեալները.

«Մայրաքաղաքը բաժնուեցաւ եօթը մասերու: Ամէն օր այդ մասերէն մէկը պիտի մաքրուի ջուրով: Պէյրութի հրշէջներու ջոկատին բոլոր անդամները զօրաշարժի ենթարկուեցան` այս աշխատանքին մէջ օգնելու համար քաղաքապետական ոստիկաններուն: Առջի օր, առեւտրական գօտին ամբողջովին լուացուեցաւ:

«Մասնաւոր սպասարկութեան մը պարտականութիւն տրուեցաւ` ստանալու համար առողջապահութեան վերաբերեալ բնակիչներու գանգատները: Թիւ 247594-ին հեռաձայնելով, անմիջապէս բանուորներու խումբ մը ընթացք պիտի տայ գանգատի: Այս սպասարկութիւնը բնակիչներու տրամադրութեան տակ պիտի ըլլայ առտուան ժամը 8:00-էն գիշերուան ժամը 10:00:

«Աղբերու հաւաքման հսկող քննիչներու թիւը պիտի աւելնայ, ինչպէս նաեւ աղբահաւաք բեռնակառքերուն»:

«Էշանժէօր» Մը Պըշարա Խուրի Եւ Ֆուատ
Ա. Փողոցներու Խաչաձեւման Կէտին Վրայ

Պէյրութի քաղաքապետական յանձնախումբը որոշեց կառուցանել «Էշանժէօր» մը Պըշարա Խուրի եւ Ֆուատ Ա. պողոտաներու խաչաձեւման վրայ:

Այս որոշումը տրուեցաւ անցեալ գիշեր գումարուած ժողովի մը ընթացքին, որ յատկացուած էր Պըշարա Խուրի պողոտայի աշխատանքներու քննութեան:

Յիշեցնենք, որ Պըշարա Խուրի պողոտայի նոր մասին աշխատանքները աւարտած են: Պէյրութ քաղաքի մեծ ծրագիրերու գործադիր խորհուրդը ներկայիս աւարտելու վրայ է շինութիւնը հսկայ «քոլլեքթէօր»-ին որմէ ետք ճամբան պլոքաժ պիտի ըլլայ եւ կպրապատուի:

Ֆուատ Շեհապ Պողոտայի Բացման
Աշխատանքները

Մօտ ամիսէ մը ի վեր հարիւրաւոր բանուորներ կը գործեն Թապարիսէն Զոքաք Պլաթ երկարող շրջանին մէջ` բանալու համար այն պողոտան, որ պիտի մկրտուի Ֆուատ Շեհապ անունով:

Քանդումի աշխատանքները միաժամանակ կը կատարուին Դամասկոս փողոցէն մինչեւ Թապարիս, Պասթայէն մինչեւ Համատէ եւ անկէ վեր` Քասթի փողոց ու վերջապէս մինչեւ Մորիս Պարէս: Մօտ ատենէն վերջացած պիտի ըլլան նաեւ Մորիս Պարէսէն մինչեւ Քանթարի բացուելիք պողոտային վրայ փլցուելիք շէնքերու սեփականազրկման գործողութիւնները: Շատեր արդէն իսկ հրահանգ ստացած են մինչեւ ամսուն վերջը պարպելու տուներն ու խանութները:

Ամբողջ շրջանը կատարեալ խառնարանի մը վերածուած է: Երթեւեկը գրեթէ անկարելի է: Ճիշդ այդ պատճառով, այնպէս կը տեսնուի, թէ աշխատանքները կը փութացուին, որպէսզի կարելի ըլլայ անձրեւներէն առաջ, գոնէ քանդումի գործողութեանց մեծ մասը աւարտել:

 

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Կին Դէմքեր. Հայթէ Ռիքն

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։