Ինչպէս ծանօթ է, նախանցեալ օր Սերպիոյ ֆութպոլի ազգային խումբը ժամանեց Երեւան` նկատի ունենալով, որ անիկա մրցում մը ունի կատարելիք Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին դէմ, Եուրօ-2016-ի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ:
Հայ ֆութպոլիստները Հանրապետութեան հրապարակին վրայ հանդիպած են Չելսիի միջնապահ Նեմանժա Մաթիչի հետ եւ անոր հետ լուսանկարուած` «Ղարաբաղը Հայաստան է, Քոսովոն` Սերպիա» բովանդակութեամբ պաստառով, կը յայտնէ ArmSport.am:


