«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած Հիւսիսային Կիպրոսէն լրագրողներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին յայտարարած է, որ երբ Կիպրոս Եւրոպական Միութեան նախագահութիւնը ստանձնէ, Թուրքիա-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւնները պիտի սառեցուին:
«Երբ Կիպրոսի յունական հատուածը ստանձնէ Եւրոպական Միութեան նախագահութիւնը, մենք անոնց հետ պիտի չբանակցինք: Ատոր մասին խօսք իսկ չի կրնար ըլլալ: Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւնները պիտի սառին: Մենք չենք բանակցիր երկրի մը հետ, զոր չենք ճանչնար», ըսած է Էրտողան:
Նշենք, որ նախապէս նոյնպիսի յայտարարութիւն մը կատարած էր նաեւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու: Ան ըսած էր, որ «Եթէ Կիպրոսի հարաւային հատուածը ձգձգէ կիպրական տագնապի լուծման հոլովոյթը եւ 2012-ին միակողմանի կերպով ստանձնէ Եւրոպական Միութեան նախագահութիւնը, Թուրքիա-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւնները պիտի խցանուին: Մենք չենք կարծեր, որ նման պայմաններու մէջ կարելի պիտի ըլլայ Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւնները շարունակել»:


