Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԱՄԼՈՅ ԱՍՈՒԼԻՍ` «ՅԱԿՈԲ ԳԻՒՐՋԵԱՆ» ՔԱՆԴԱԿԻ ԱՌԱՋԻՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԱՅԱՑՄԱՆ ԱՌԻԹՈՎ

July 20, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Շուշիի մէջ  «Յակոբ Գիւրջեան» քանդակի առաջին միջազգային համախորհրդակցութիւն»ը 15-19 յուլիսին Շուշիի մէջ իտալացի արուեստագէտներու եւ քանդակագործ Վիգէն Աւետիսի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցող ձեռնարկ մըն է, որուն ընթացքին արուեստագէտները Շուշիի մէջ ազատ նիւթով պիտի կերտեն Շուշիի կրաքարէ (նոյն այն քարը, որ Շուշիի Ս. Ղազանչեցոց վանքը կառուցուած է) քանդակներ` ստեղծելով բացօթեայ թանգարան մը: Այս նախաձեռնութիւնը, զոր նպատակ կայ տարեկան դարձնել, կը կազմակերպուի Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարարութեան եւ Երեւանի քաղաքապետարանի հովանաւորութեամբ, Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի եւ Շուշիի քաղաքապետարանի աջակցութեամբ, ինչպէս նաեւ «Նարեկացի» արուեստի եւ միութեան մասնակցութեամբ: Այս ձեռնարկին իրականացման աշխատանքներուն Ֆլորանսի պետական համալսարանի դասախօսներ, քանդակագործներ եւ գեղանկարիչներ (22 հոգի) իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն:

Այս առիթով շաբաթ, 16 յուլիս 2011-ին Երեւանի պատմութեան թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը: Ասուլիսին ներկայ էին Իտալիայէն ժամանած արուեստագէտներու պատուիրակութիւնը, Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարարի տեղակալ Արեւ Սամուէլեան, ծրագիրի կազմակերպիչներ Վիգէն Աւետիս եւ «Նարեկացի» արուեստի միութեան հիմնադիր Նարեկ Յարութիւնեան:

Խօսք առնելով Վիգէն Աւետիս յայտնեց, որ ձեռնարկին մշակութային մասը քանդակագործներու կողմէն Շուշին զարդարելն է, իսկ աւելի կարեւոր մասը Արցախի կողմէ միջազգային ծրագիր մը ընդունիլն է: Ան ցանկութիւն յայտնեց, որ Արցախ կը ճանչցուի իբրեւ հանրապետութիւն եւ կը ձեւաւորէ իր ազգային, մշակութային, տնտեսային բոլոր ծրագիրները:

«Հայաստան եկած են 3 արուեստագէտ գեղանկարիչներ եւ ժապաւէնի նկարիչներ, որոնք ձեռնարկին մասին կատարելիք իրենց նկարահանումները պիտի ցուցադրեն իտալական «Ռայ 1» կայանէն` Արցախը իր անցեալի եւ արդի հարցերով նիւթով: Կը հաւատամ, որ շուտով Հռոմ-Ստեփանակերտ թռիչք պիտի ստեղծուի», ըսաւ ան:

Խօսք առաւ նաեւ «Նարեկացի» արուեստի եւ միութեան հիմնադիր Նարեկ Յարութիւնեան` նշելով, որ «Երազները իրականութիւն կը դառնան, երբ կամք, ցանկութիւն եւ ուժերու միացում կայ: Այս երեւոյթը պատմական է տարբեր մարզերու մէջ, մանաւանդ մշակութային գետնի վրայ, քանի որ Շուշին` իբրեւ հայ ազգի մշակոյթի մայրաքաղաք, կը վերակառուցուի, կը վերածնի եւ իտալացիներուն մեզի միանալը փոքրիկ հրաշք մըն է, որուն համար շնորհակալ ենք մենք»:

Ասուլիսին խօսք առին նաեւ իտալացի արուեստագէտները: Գեղանկարիչ եւ գրագէտ Ռոպերթօ Ճոպանելլի ըսաւ. « Արուեստը ազատութեան մեծագոյն արտացոլումն է: Այն, ինչ կը կատարուի այս գեղեցիկ քաղաքին մէջ, արդէն խիզախ նախաձեռնութիւն մըն է` նորարական շունչով եւ երիտասարդ քանդակագործներու խանդավառութեամբ»:

Մասնակիցներէն Լուչիանօ Պրետի հաստատեց, որ Շուշին շատ կարեւոր հանդիպման վայր է, ուր նոր միտքեր կը ծնին: «Այս տարածքը իրարու ճանչնալու շարունակական կապ է, երկխօսութիւն մը կայ արտաքին եւ ներքին աշխարհներուն միջեւ, տեսանելիին եւ անտեսանելիին միջեւ»:

Ձեռնարկին իբրեւ պատուաւոր հիւր կը մասնակցի Հռոմի գեղարուեստի ակադեմիայի նախագահ Ժերարտօ լօ Ռուսսոն:

Մամլոյ ասուլիսէն ետք ներկաները առիթ ունեցան լսելու Ֆլորանսի գեղարուեստի ակադեմիայի դասախօսներուն կողմէ կայացած «17-րդ դարու իտալական գեղանկարչութեան» նիւթով դասախօսութիւնը եւ դիտելու «Քանդակի պատմութիւնը» խորագիրով ժապաւէնը, ինչպէս նաեւ լսելու երգահան Արտեմ Ղազարեանի «Միքելանճելօ Պուենարոթիի եղերերգը» երաժշտութիւնը` պատկերներու ուղեկցութեամբ:

 

Նախորդը

ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ ՀՄԸՄ ՊԷՅՐՈՒԹԻ, ԿԻՐԱԿԻ, 24 ՅՈՒԼԻՍԻՆ ՊՕՂՈՍ ՕՀԱՆՆԷՍԵԱՆԻ ԱՆՈՒԱՆ ՓԻՆԿ ՓՈՆԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ` «ԱՂԲԱԼԵԱՆ-ՀՄԸՄ» ՄԱՐԶԱՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՀԱՄԱԼԻՐԻՆ ՄԷՋ

Յաջորդը

ՄԱՄԼՈՅ ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ. ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԲԱՑՈՒՄԸ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ ՀՄԸՄ- ՀԱՍԿ-Ի «ՀԱՅԿ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ» ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՎԱՅՐԻՆ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.