Կառավարութիւնը երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին, վարչապետարանին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Թամմամ Սալամի:
Նիստին ընթացքին քննարկուեցաւ 50 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը:
Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժ յայտնեց, որ նիստին ընթացքին վարչապետ Թամմամ Սալամ անդրադարձաւ առեւանգեալ զինուորականներու հարցին եւ նախարարաց խորհուրդին ներկայացուց անոնց ազատ արձակման համար թափուող ճիգերը: Սալամ հաստատեց, որ ջանքերը կը շարունակուին ազատ արձակելու համար զինուորականները, ինչպէս նաեւ ընդգծեց չյուսահատելու անհրաժեշտութիւնը, որովհետեւ այս հարցը կառավարութեան առաջնահերթութիւններէն գլխաւորն է: «Կոչ կ՛ուղղենք լիբանանեան հանրային կարծիքին եւ առեւանգեալ զինուորականներու ընտանիքներուն, որ կանգնին կառավարութեան կողքին, մինչեւ զինուորականներուն ազատ արձակումը», ըսաւ Ռամզի Ժրէյժ:
Միւս կողմէ, Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար հազարապետ-զօրավար Մոհամետ Խէյր վարչապետարանին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ առեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքներուն հետ:
Աւելի քան մէկ ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան իրենց զաւակները ազատ արձակելու իմաստով կատարուած բանակցութիւններուն արդիւնքները:
Խէյր զինուորներուն ընտանիքներուն փոխանցեց վարչապետին եւ կառավարութեան կարեկցանքը իրենց նկատմամբ:
Հանդիպումէն ետք հազարապետ-զօրավար Մոհամետ Խէյր շեշտեց, որ առեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքներուն հետ իր տեսակցութիւնը դրական էր:


