Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հրեայի Եւ Հայու Ձուլում

October 10, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽԱՉԱՏՈՒՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՊՕՂՈՍԵԱՆ

Վերջերս Իսրայէլի մայրաքաղաք Թել Աւիւի մէջ տեղի ունեցաւ խառն ամուսնութիւն մը, որ պատճառ եղաւ բողոքի եւ համակրանքի երկու ցոյցերու,  որովհետեւ իսլամութիւն ընդունած հրեայ աղջիկ մը կ’ամուսնանար պաղեստինցի իսլամ երիտասարդի մը հետ:

Այս գայթակղեցուցիչ խառն ամուսնութեան դէմ բողոքի ցոյց կազմակերպած էին մոլեռանդ հրեաներ, որոնք Իսրայէլի դրօշները պարզած` հակապաղեստինեան լոզունգներ կ’արձակէին եւ կը պահանջէին, որ պաղեստինցիները  հեռացուին երկրէն ու երթան արաբական երկիրներէն հոն, ուր որ կ’ուզեն եւ ատոր համար իրենք պատրաստ են օգնելու տեղափոխման` ի հարկին իրենց անձնական կառքերովը կատարելով անոնց փոխադրութիւնը:

Երկրորդ ցոյցը կազմակերպողները եկած էին յայտնելու իրենց համամտութիւնը եւ համակրանքը ամուսնացող զոյգին` իրաւունք տալով անոնց ազատ կերպով կատարած ընտրութեամբ իրենց կեանքի ընկերը ունենալու. անոնք եկած էին իրենց շնորհաւորական գրութիւններով, փուչիկներով ու խօսքերով իրենց բարեմաղթութիւնները ներկայացնելու:

Մինչ այդ հարսանիքի խնճոյքը, երգն ու պարը կը շարունակուէր ուրախութեամբ: Գիտենք, որ հրեաներուն մօտ ընդունուած համոզումը այն է, որ կինն է, ընտանիքի մը մայրն է, որ իր ընտանիքը եւ զաւակները կը մեծցնէ ու կը դաստիարակէ հրէական ազգային ու կրօնական աւանդութիւններով,  լեզուով, կրօնով ու մշակոյթով, տան մէջն ու դուրսը յարգել տալով կերակրային հրէական ընտրութիւնը եւ ծէսերը` կարեւոր տօներուն առիթներով:

Հայերս եւս, բոլոր ազգութեանց պէս, ներկայիս, առաւել քան երբեք, յատկապէս սփիւռքի մէջ կը դիմագրաւենք խառն ամուսնութեանց առաջքը առնելու մարտահրաւէրը, որ բոլոր ընտանիքներուն մէջ մտահոգութեանց դուռ կը բանայ ամուսնութեան տարիքի հասած զաւակներ ունեցող ծնողներուն մէջ, որոնք, կը կարծենք, որ բնականաբար կը ջանան եւ կը նախընտրեն, որ իրենց զաւակը հայ տղայ մը կամ աղջիկ մը ընտրէ ընտանիք կազմելու համար: Այս վերջին տասնամեակի սկսած է մտահոգել նաեւ միջինարեւելեան երկիրներուն մէջ ապրող հայ ընտանիքները: Դառն իրականութիւնը այն է, որ Եւրոպայի եւ Ամերիկայի մէջ կատարուած ամուսնութեանց կէսը, չըսելու համար երբեմն կէսէն ալ աւելին, կը կատարուի խառն:

Այս ձեւով, ձուլումը, ոմանց անուանումով` սպիտակ ջարդը, կը կատարուի, ուզենք թէ չուզենք, եւ մեր լեզուն, մշակոյթն ու հայկական ինքնութիւնը առաւել կամ նուազ չափով տեղի կու տան ու կը նահանջեն դժբախտաբար: Մեր` հայերուս պարագային, կայ այլ մտահոգիչ եւ նկատի առնուելիք կարեւոր պարագայ մը եւս, որ հետեւեալն է. հայ աղջիկներուն օտարի հետ ամուսնանալով, ընդունուած օրէնքին համաձայն, անոնք օտար մականուններ, ազգանուններ կը ստանան:

Մտահոգիչը այն է մանաւանդ, որ շատ անգամ մենք չենք անդրադառնար, կամ կը դժուարանանք կապ եւ յարաբերութիւն ստեղծելու հայ կիներու  օտարանուն ընտանիքին հետ: Բոլորիս ծանօթ է, որ գաղութի մը հայերուն ցանկը կազմելու ատեն ընդհանրապէս կը հիմնուինք եկեղեցւոյ մը տոմարին մէջ արձանագրուած անուանացանկին վրայ եւ ի չգոյէ եկեղեցական համայնքի` տուեալ քաղաքին հեռաձայնի անուանացանկի գրքին մէջ ԵԱՆ-ով վերջացող անունները միայն հայ համարելով, ուրիշ ձեւ ալ չէր կրնար ըլլալ: Այս պատճառ կ’ըլլայ, որ սխալ պատկերացում ունենանք գաղութի մը հայութեան իսկական մարդահամարին մասին, որ իրականին մէջ երբեմն կրնայ կրկինը ըլլալ գաղութին հայ մականուններ ունեցող ընտանիքներուն:

Փորձառութեամբ գիտենք, որ օտար անուն ունեցող հայ ընտանիքները յաճախ աւելի կապուած կ’ըլլան իրենց հայկական ինքնութեան եւ ժառանգին, լեզուին, մշակոյթին, հաւատքին, եկեղեցւոյն եւ հայկական կազմակերպութիւններուն եւ կը յաջողին իրենց ամուսիններով ու զաւակներով գործնական մասնակցութիւն բերելու հայ համայնքային կեանքին մէջ համայն ընտանեօք:

Ամերիկայի մէջ բոլոր ազգութիւններուն եւ կրօնի հետեւողներուն համար ընդունուած աւանդութիւն ու սովորութիւն է, որ խառն ամուսնութեանց պսակը կատարուի աղջկան ընտրած ու որոշած եկեղեցւոյն մէջ, եթէ կրօնական պսակ ըլլայ: Խառն ամուսնութիւն կնքած հայ կիները շատ անգամ աւելի կը մասնակցին հայ համայնքի ազգային- եկեղեցական կեանքին, քան` հայկական մականուն ունեցող ընտանիքները, անշուշտ` միշտ բացառութիւնները յարգելով: Ես բախտն ու երջանկութիւնը ունեցած եմ բարեկամանալու հայ երիտասարդներու հետ, որոնց կիները ուզած են սորվիլ ու շատ լաւ խօսիլ հայոց լեզուն եւ ճանչնալ մշակոյթը:

Ի՜նչ լաւ պիտի ըլլար, եթէ հայ ամուսիններ եւ հայրեր կարենային հայկական իրենց ինքնութիւնը շատ բնական կերպով ծանօթացնել, սիրցնել եւ ընդունելի դարձնել իրենց կիներուն եւ զաւակներուն:

Ամէն հաւաքականութիւն, ազգ կոչուած է պահել, պահպանել ու զարգացնել իր ազգային ինքնութիւնը, լեզուն, մշակոյթը, կրօնն ու աւանդութիւնները: Ամէն հայ այր թէ կին բնութեան կողմէ տրուած իրենց նուէրը` ինքնութիւնը յաջորդ սերունդին փոխանցելու դժուարին, բայց քաղցր պարտականութիւնը ունի:

Նիս, օգոստոս, 2014

 

Նախորդը

Յուշատետր. Ծերանալը Լաւ Է

Յաջորդը

Թիւ Տասը Պասը

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.