Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Առեւանգուած Բանակայիններուն Ընտանիքները Իրենց Բողոքի Ցոյցը Փոխադրեցին Ռիատ Սոլհի Հրապարակ

October 9, 2014
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Առեւանգուած զինուորականներուն ընտանիքները` Ռիատ Սոլհ հրապարակին վրայ
Առեւանգուած զինուորականներուն ընտանիքները` Ռիատ Սոլհ հրապարակին վրայ

Առեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքները երէկ կէսօրին վերջ տուին Տահր Պայտարի միջազգային ճամբան փակ պահելու իրենց որդեգրած քայլին` շեշտելով, որ իրենց բողոքի նստացոյցը պիտի փոխադրեն Ռիատ Սոլհի հրապարակ, հաւանաբար լիբանանցի քաղաքական անձնաւորութիւնները մղելու, որ ստանձնեն իրենց պատասխանատուութիւնները:

Նշենք, որ առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր երէկ այցելեց Տահր Պայտար, հանդիպում մը ունեցաւ առեւանգուած բանակայիններուն հարազատներուն հետ եւ անոնց փոխանցեց վարչապետ Թամմամ Սալամի եւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի ունեցած հաղորդակցութիւններուն մանրամասնութիւնները` առեւանգուած զինուորականները ազատ արձակելու նպատակով:

Ապու Ֆաուր շեշտեց, որ ինք այդ առաքելութիւնը կատարած է Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի պահանջով` նկատի ունենալով, որ Ժոմպլաթ մօտէն կը հետեւի առեւանգուած բանակայիններու թղթածրարին:

Ապու Ֆաուր նշեց, որ Պրիթելի բարձունքներուն վրայ արձանագրուած ապահովական իրադարձութիւնները վերջինը պիտի չըլլան` աւելցնելով, որ հոն պատահածին լոյսին տակ իրենք կոչ ուղղած են քաղաքական կարգ մը կողմերու իրենց տեսակէտը փոփոխութեան ենթարկելու` առեւանգուած բանակայինները փոխանակելու առումով:

Ան ընդգծեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը լուրջ է բանակայինները ազատ արձակելու հարցի լուծման մէջ, իսկ եթէ երկու օր առաջ այդ բանակցութիւնները խոչընդոտներու հանդիպած են, ապա անիկա պէտք չէ իբրեւ բացթողում մեկնաբանել:

Ան յայտնեց, որ բանակցութիւնները վարող քաթարցի բանագնացին աշխատանքը տակաւին ընթացքի մէջ է` աւելցնելով, որ ինք չէ առաջարկած առեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքներուն Տահր Պայտարի ճամբան բանալ` աւելցնելով, որ անոնք եւս յանձնառու են լիբանանցիներուն վնաս չհասցնելու գաղափարին:

«Առեւանգուած բանակայիններուն հարցը ճակատագրական է եւ պէտք է զայն լուծել յստակ եւ անկեղծ փոխանակումով», եզրափակեց Ապու Ֆաուր:

 

Նախորդը

Պըրրի Ընդգծեց Օրէնսդրական Աշխատանքը Աշխուժացնելու Կարեւորութիւնը

Յաջորդը

Թուրքիոյ Հայկական Դպրոցները Կառավարութենէն Մրցանշային Յատկացում Ստացած Են

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.