
«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլի` մեկնաբանելով Աբխազիոյ նախագահ Ռաուլ Խաճինպայի յայտարարութիւնը այն մասին, որ իրենք մտադիր են Վրաստանի հետ սահմանային հինգ անցակէտ փակել, յայտարարած է, որ Վրաստան կ՛ուզէ աբխազ եւ օս եղբայրներուն հետ հաշտութեան իսկական հոլովոյթի մը սկսիլ:
«Երէկ հնչած է նոր նախաձեռնութիւն Աբխազիոյ իշխանութիւններուն կողմէ: Այդ առիթով ես կ՛ուզեմ նշել, որ իշխանութեան գալու ժամէն ի վեր մենք յայտնած ենք մեր ցանկութիւնը եւ պատրաստակամութիւնը սկսելու իսկական հաշտեցման հոլովոյթը մեր աբխազ եւ օս եղբայրներուն հետ», նշած է Ղարիպաշվիլի:
Ան նաեւ անմտութիւն նկատած է Աբխազիոյ իշխանութիւններուն նախաձեռնութիւնը եւ նշած, որ «այդպիսի որոշումը պիտի բարդացնէ քաղաքացիներու վիճակը»:
«Մենք պատրաստ ենք տրամադրելու որեւէ մարդասիրական օգնութիւն մեր եղբայրներուն: Պատահական չէ, որ անջատման գիծին երկայնքով մենք կը կառուցենք բազմաթիւ գործ կատարող հիւանդանոց, որուն շինարարութիւնը պիտի աւարտի երկու տարի ետք, եւ մեր աբխազ եւ օս եղբայրները պիտի կարենան բուժման դասընթացքներու հետեւիլ այդտեղ», աւելցուցած է վարչապետը:


