
«Վրեմիա» կը հաղորդէ, որ ՕԹԱՆ-ի նոր ընդհանուր քարտուղար Հանս Սթոլթընպըրկ յայտարարած է, որ ՕԹԱՆ կրնայ իր զօրքերը տեղակայել ուր որ կ՛ուզէ:
«Յաջորդ տարի նախարարներու հանդիպումին ընթացքին մենք որոշում պիտի տանք արագ արձագանգումի ուժերու վերաբերեալ, սակայն մինչեւ ատոր ստեղծումը` ՕԹԱՆ-ը առանց այդ ալ հզօր զօրք ունի: Մենք կրնանք զայն տեղակայել ուր որ կ՛ուզենք», ըսած է Սթոլթընպըրկ:
Ան ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնը ստանձնեց 1 հոկտեմբերին: Նորվեկիոյ նախկին վարչապետը այդ պաշտօնին նշանակելու մասին որոշումը տրուեցաւ մարտ 2014-ին: Դանիացի Անտերս Ֆոկ Ռասմուսենի լիազօրութիւններուն ժամկէտը աւարտած է 30 սեպտեմբերին:
«Վրեմիա» կը յիշեցնէ, որ սեպտեմբերի սկիզբը դաշինքի վեհաժողովին ընթացքին ՕԹԱՆ-ի անդամ երկիրներու ղեկավարները համաձայնած են «ռուսական սպառնալիքին» դէմ դնելու նպատակով արագ արձագանգման ուժեր ստեղծելու մասին:


