Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը հաղորդեց, որ քիւրտ զինեալները կիրակիէն երկուշաբթի լուսցող գիշերուան ընթացքին ետ մղած են պաշարուած Քոպանի քաղաքին դէմ ՏԱՀԵՇ-ի մէկ նոր յարձակումը:
ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները փորձած են ռազմավարական բլուրի մը արեւելքէն եւ արեւմուտքէն դէպի հարաւ յառաջանալ, սակայն ետ մղուած են:
Երէկ երկու կողմերուն միջեւ բուռն բախումները շարունակուած են: Կիրակի օրուան բախումներուն ընթացքին սպաննուած են 19 քիւրտ զինեալներ եւ 27 ժիհատականներ:
Շաբաթ օր քիւրտ կին զինեալ մը ՏԱՀԵՇ-ի մէկ դիրքին դէմ անձնասպանական գործողութիւն կատարած էր:


