«Լա Կազեթթա Տելլօ Սփորթ» կը հաղորդէ, որ «Ֆորմիւլա-1»-ի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող «Ռետ Պուլ»-ի վարորդ Սեպասթիան Վեթել այս տարեշրջանը բոլորելէ ետք պիտի տեղափոխուի «Ֆեռարի»:
Երկու կողմերը արդէն իսկ համաձայնութեան եկած են պայմանագիրին շուրջ եւ մնացած է պաշտօնապէս կնքել զայն:
Այսպիսով, Վեթել պիտի փոխարինէ Ֆեռնանտօ Ալոնսոն, որ պիտի հեռանայ խումբէն` նկատի ունենալով, որ «Ֆեռարի» որոշեց իր պայմանագրութիւնը խզել Ալոնսոյի հետ:
Շատ հաւանական է, որ սպանացին տեղափոխուի «Մաքլարըն», կ՛եզրափակէ ArmSport.am:


