Հոլանտայի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին յառաջապահ Փաթրիք Քլուիվերթ շատ հաւանաբար նշանակուի Ղանայի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ` Քվես Ապիայի պաշտօնազրկումէն ետք սակայն, կը յայտնէ ArmSport.am` իր լուրը քաղելով afric.com-էն:
Նշենք, որ Քլուիվերթ ցարդ եղած է Ազ Ալքմաար եւ Նայմիկըն խումբերու գլխաւոր մարզիչի օգնական, ինչպէս նաեւ ՓՍՎ Այնտհովընի երիտասարդական խումբի գլխաւոր մարզիչ:
Քլուիվերթէն բացի, կը խօսուի նաեւ Մարքօ Թարտելիի, Աւրաամ Կրանտի, Միշել Փոնի եւ Խուան Մարթինեսի թեկնածութիւններուն մասին:


